image

Մոհամմատ Պըն Սըլման գահաժառանգը պաշտօնական այցով Թուրքիա կը գտնուի

Մոհամմատ Պըն Սըլման գահաժառանգը պաշտօնական այցով Թուրքիա կը գտնուի

Յունիս 22-ին Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մոհամմատ Պըն Սալմանը պաշտօնական այց կատարելած է Անգարա, նախ հանդիպում ունենալու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հետ, որմէ յետոյ՝ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ: 

Հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին երկկողմ յարաբերութիւններու բոլոր երեսները: Հիմնական օրակարգին մէջ, սակայն, պիտի ըլլայ տնտեսութիւնը: Երկու երկիրներուն միջեւ պիտի ստորագրուին տարբեր պայմանագրեր:

Էրտողանն ու Սալմանը պիտի անդրադառնան նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային զարգացումներուն:

Չնայած երկու երկիրներուն միջեւ 2017-2021 թուականներու Քաթարի ճգնաժամին եւ 2018-ին Սթամպուլի մէջ Սէուտական Արաբիոյ գլխաւոր հիւպատոսարանին մէջ սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ճեմալ Խաշոքճիի սպանութեան հետ կապուած լարուածութեան յառաջացմանը` երկկողմ դիւանագիտական յարաբերութիւնները չեն ընդհատուած: Աւելին` Անգարա-Ռիատ յարաբերութիւնները զարգացած են առեւտրատնտեսական եւ ռազմական ոլորտին մէջ: