image

Մշոյ Սուրբ Կարապետ Վանքի Վերանորգման Գծով Ճիգերը Կը Շարունակուին

Մշոյ Սուրբ Կարապետ Վանքի Վերանորգման Գծով Ճիգերը Կը Շարունակուին

Սասունի, Պիթլիսի, Մուշի, Վանի եւ Պոլսոյ հայերու ընկերային օգնութեան, համերաշխութեան մշակութային միութիւնը անցեալ շաբաթ իր համագումարինմիութեան նախագահ վերընտրուած է Ազիզ Տաղճըն։ Այս առիթիւ միութիւնը հրապարակած է նաեւ յայտարարութիւն մը, ուր յատկապէս կ'ըսուի, որ միութեան առաջնահերթ խնդիրը պիտի ըլլայ Մուշի Եուքարը Եոնգալը գիւղի Սուրբ Կարապետ հայկական վանքի վերականգնումը։ Նշենք, որ թրքական պետութիւնը Լոզանի պայմանագիրի 42/3 կէտով պարտաւորուած է  պահպանութեան տակ առնել փոքրամասնութիւններու եկեղեցիները,  սինակոկները, գերեզմանները եւ այլ կրօնական հաստատութիւնները:

 

 

Նիւթի աղբիւր՝ HorizonWeekly