image

Վեհարանը խուզարկելու հրահա՞նգ. իրաւապաշտպաններու եւ ՔՊ–ականի արձագանգը Փաշինեանի գրառման

Վեհարանը խուզարկելու հրահա՞նգ. իրաւապաշտպաններու եւ ՔՊ–ականի արձագանգը Փաշինեանի գրառման

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը դիմատետրեան գրառմամբ վեհարանը խուզարկելու կամ դատավարական այլ գործողութիւններ իրականացնելու հրահանգ կու տայ։ Այս մասին դիմատետրի էջին ահազանգած են իրաւապաշտպան Ռուբէն Մելիքեանն ու Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի պաշօպանական խումբը։

Փաշինեան առաւօտեան գրառում կատարած էր՝ նշելով` եթէ կաթողիկոսը (գրառման մէջ անոր անուանած էր աւազանի անունով – խմբ․) Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի եւ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի (գրառման մէջ երկու սրբազանները նոյնպէս անուանած էր աւազանի անուններով – խմբ․) կալանաւորումը ապօրինի կը համարէ, ուրեմն «կիսում է ռազմական յեղաշրջում անելու, մարդկանց պատերի տակ գիւլլելու, երկրում քաոս ստեղծելու` վերը նշուած անձանց գաղափարաբանութիւնն ու պլանները»։

«Առաւել եւս այս պարագայում, Վաղարշապատ խոշորացուած համայնքի որեւէ տարածք չի կարող իրաւապահների գործունէութեան համար փակ լինել, մանաւանդ, որ Կտրիճի եւ մի քանի այլ անձանց շնորհիւ այդ տարածքները փակ չեն շնութեան համար»,- գրած էր Փաշինեանը։

Այս գրառման առաջիններէն մէկն արձագանգած էր իրաւապաշտպան Ռուբէն Մելիքեանը՝ նշելով, որ այս գրառմամբ Փաշինեանը փաստացի հրահանգեց ապօրինաբար խուզարկել վեհարանը։

Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի պաշտպանական խումբն ալ յայտարարութիւն տարածած է՝ նշելով, որ այսպէս Փաշինեանը կը միջամտէ նախաքննութեան։

«Միքայէլ սրբազանի պաշտպանական թիմը Նիկոլ Փաշինեանի այս յայտարարութիւնը գնահատում է որպէս դատախազութեանը եւ քննչական մարմնին ուղղուած պատուէր կամ յանձնարարութիւն՝ Մայր աթոռում դատավարական գործողութիւններ (խուզարկութիւն կամ ձերբակալութիւն) իրականացնելու վերաբերեալ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Ազգային Ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան անդամ Յասմիկ Յակոբեանը, անդրադառնալով Փաշինեանի գրառման, նշած էր, թէ իրաւապահներու գործողութիւններու իրականացման համար չի կրնար փակ տարածք ըլլալ։

«Դա չի նշանակում, թէ մենք հիմա գործողութիւն ենք իրականացնելու Մայր աթոռի շէնքի ներսում։ Եթէ լինեն օպերատիւ տուեալներ, որ այնտեղ պէտք է, օրինակ, խուզարկութիւն անել, միանշանակ պէտք է անել։ Օրինակ, դուք ձեզ ապահով կը զգա՞ք, որ այնտեղ լինեն արգելուած միջոցներ, որոնք պէտք է կիրառուեն այն խանութում կամ ավտոբուսում, որտեղ կարող է նստած լինէլ ձեր ծնողը»,- նշած է Յակոբեանը։