image

Մխիթար Աբբահօր սրբադասման ծրարը պիտի ղրկուի Սուրբ Աթոռ

Մխիթար Աբբահօր սրբադասման ծրարը պիտի ղրկուի Սուրբ Աթոռ

Հայոց պետականութեան վերականգնումը Մխիթարեան հայրերուն երազանքներէն մէկն էր: Այսօր, երբ խռովայոյզ օրեր կ՚ապրի Հայաստանը եւ կրկին ամէն կողմէ հարուածներ կը կրէ մեր պետականութիւնը, հայեացքով կը դառնանք դէպի անցեալ, կը յիշենք այն երազները, որոնք ունեցած են ազգին մեծերը եւ իրենց ողջ կեանքը նուիրած՝ հայ ժողովուրդին հոգեւմտաւոր վերածնունդին, հաւատալով, որ այդ մէկը կը կերտէ ամուր պետականութիւն եւ ուժեղ հայրենիք:

Այս օրերուն, երբ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ փոքր պատերազմ էր, երբ մեր պետականութիւնը փուխր վիճակ մը ունի, պատահական համընկումով, Սուրբ Աթոռ կը ղրկուի Հայ կաթողիկէ եկեղեցական գործիչ, հայագէտ, Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Սեբաստացին սրբադասելու ծրարը:

Ս. Ղազար կղզիին մէջ, հայաստանեան իրադարձութիւններէն օրեր առաջ՝ 8 սեպտեմբերին, Մխիթար Աբբահօր երանացման եւ սրբադասման դատի թեմական ատեանին դատաքննութեան փակման արարողութիւնը տեղի ունեցած էր: Տեղեկութիւնը կը հաղորդէ Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը: Մխիթարեան հայրերուն հրաւէրով Ս. Ղազար մեկնած էին Վատիկանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կարէն Նազարեան եւ այլ պաշտօնատարներ: Մայրավանքին մէջ կայացած միջոցառման կը նախագահէր Վենետիկի Պատրիարք Տ. Ֆրանչեսքօ Մորալիա՝ Մխիթարեան հայրերու, Վենետիկի քաղաքապետարանի, Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եկեղեցիներու, հայ համայնքի ներկայացուցիչներու, լրագրողներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսի ներկայութեամբ։ Նոյն օրը առաւօտեան՝ ժամը 11.00-ին, Թուրքիոյ հայ կաթողիկէից վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զեքիեան Գերապայծառը Սուրբ Պատարագ մատուցած եւ ներկայացուցած է Աբբահօր սրբադասման դատը սկսելուն եւ մինչեւ այս փուլ հասնելուն հանգրուանները:

Ս. Ղազարի մայրավանքի միջոցառման ընթացքին ալ թեմական ատեանը որոշում կայացուցած է Մխիթար Սեբաստացիի սրբադասման ծրարը ուղարկել Սուրբ Աթոռի համապատասխան յանձնախումբին՝ յաջորդ փուլի քննարկումներուն համար։ Ծրարին վրայ դրուած է Վենետիկի պատրիարքին կնիքը: Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը նաեւ կը հաղորդէ, որ տակաւին 1941 թուականին Հռոմի Պապին ուղղուած իր նամակով կարտինալ, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Կաթողիկոս-պատրիարք Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանը առաջինն էր, որ Մխիթար Սեբաստացին ներկայացուցած է Վատիկանի սրբադասման դատին։

Երկու տարի առաջ՝ 8 սեպտեմբեր 2020-ին, Մխիթարեան միաբանութեան 320-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի ունեցաւ Մխիթար Աբբահօր երանացման եւ սրբադասման դատին վերաբացման արարողութիւնը՝ Վենետիկ նոր ժամանած Մխիթար Աբբահօր առաջին բնակավայրին՝ Արսենալէ թաղամասի Ս․ Մարտինոս եկեղեցիին մէջ, դարձեալ Վենետիկի Պատրիարք Ֆրանչեսքօ Մորալիայի նախագահութեամբ:

Սեպտեմբերի 8-ը թուականը թէ՛ երկու տարի առաջ, թէ՛ այս տարի, պատահական չէր ընտրուած. Աստուածածնայ Ծննդեան տօնը յատուկ յիշատակի արժանի է մանաւանդ Հայ կաթողիկէ ծիսարանին մէջ, քանի որ 1700 թուականի սեպտեմբերի 8-ին, Կ.Պոլսոյ մէջ, իր շուրջը հաւաքելէ ետք տասնեակ աշակերտներ, մէկ տարի ետք՝ 8 սեպտեմբեր 1701-ին, Մխիթար կը հիմնէ միաբանութիւնը: Տարիներ ետք ան սեպտեմբերի 8-ին պաշտօնապէս կը հաստատուի Վենետիկ: Անոր գործունէութեան հռչակը, մանաւանդ՝ սրբակենցաղ համբաւը նոյնիսկ կենդանութեան օրերուն տարածուած էր, եւ մարդիկ կը դիմէին խոնարհ կեանքով ապրող գործիչին բարեխօսութեան։ Ան իր կատարած գործին համար կոչուած է «Երկրորդ Մեսրոպ Մաշտոց», «Երկ-րորդ Լուսաւորիչ» եւ այլ պատուանուններով:

Եկեղեցւոյ համար սրբադասումը խիստ պատասխանատու քայլ մըն է, քանի որ մահկանացուն կը զրկուի իր մասին յետմահու աղօթքէն։ Եկեղեցին կը դադրի աղօթելէ մարդուն համար եւ կը սկսի աղօթել մէկուն, որ կը նկատուի Աստուծոյ միջնորդ։ Սրբադասելով անձ մը՝ եկեղեցին կը վկայէ, որ անոր ճանապարհը փրկագործող է եւ որ անոր կեանքը կը զատուի սրբակենցաղ վարքով։

Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ սրբադասման իրաւունքը Հռոմի Պապին բացարձակ մենաշնորհն է, սակայն մինչ այդ գործընթացը երեք կարեւոր փուլէ կ՚անցընէ.

Ա․ Թեմական եպիսկոպոսին օգնելու եւ Երանացման ու Սրբադասման գործընթացներուն սկիզբ դնելու արտօնութիւն,

Բ․ Թեկնածուին մարտիրոսութեան կամ բարերարութեան մասին նիւթերու ուսումնասիրութիւն՝ անոր պաշտամունքի շարունակութեան համար,

Գ․ Բանավէճերու կազմակերպում եւ քուէարկում։ Երանացման կամ սրբադասման մասին ուխտի միջնորդութիւնը կը ղրկուի Հռոմի Պապին եւ Պապը Աստուծոյ ծառան երանելիներու շարքը դասելու վերջնական որոշում կը կայացնէ:

Եթէ գործընթացը աւարտի թեկնածուին օգտին, ապա գործը կը քննէ սուրբերու հարցերով զբաղող Վատիկանի համախմբումը՝ Հռոմի Պապին կից վարչական մարմինը։ Հռոմի Պապին դրական որոշումէն ետք կը կայանայ նոր երանելիին հանդիսաւոր հռչակումը, որ որպէս կանոն տեղի կ՚ունենայ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ։ Պատարագի ընթացքին կը բացուի կտաւով գոցուած երանելիին սրբապատկերը եւ կը հնչէ «Te Deum» օրհներգը։

 

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾԱՌԱՅ ՄԽԻԹԱՐ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻԻ ԵՐԱՆԱՑՄԱՆ ԵՒ ՍՐԲԱԴԱՍՄԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԸ

Ո՜վ Ամենասուրբ Երրորդութիւն՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի, կը գովաբանենք Քեզ եւ երախտագիտութիւն կը յայտնենք Քեզ, որ Հայ ժողովուրդին եւ Քու Սուրբ Եկեղեցւոյդ շնորհեցիր Մխիթար Սեբաստացի Աբբահայրը՝ որպէս հայր, առաջնորդ եւ քրիստոնէական կեանքի օրինակ:

Անոր անձին մէջ արտացոլեցիր Քու հայրութեան բարութիւնը, հոգատար քնքշանքն ու իմաստութիւնը, Քրիստոսի խաչին փառքը եւ սիրոյ ու միութեան Հոգիի պայծառութիւնը:

Ան Քու անսահման նախախնամ ողորմութեանդ եւ Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական բարեխօսութեան ապաւինելով, իր անձնական օրինակով սովորեցուց ապրիլ միութեան հոգիին համաձայն, մատնանշելով սրբութիւնը որպէս քրիստոնէական կեանքի չափանիշ եւ Քեզի հետ լիակատար ու յաւիտենական հաղորդութեան հասնելու ճանապարհ:

Իր բարեխօսութեամբ, Տէ՜ր, պարգեւէ մեզ [...] շնորհը, որ կը խնդրենք Քեզմէ, եւ թող, որ Ծառադ՝ Մխիթար Աբբահայրը, Քու Սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ հաստատուի իբրեւ օրինակ սրբութեան եւ եղբայրներու միջեւ հաղորդութեան. ամէն:

 

ՄԽԻԹԱՐ

ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆ

Կեանքը զոր վարեց Մխիթար, նկարագրի ուժը զոր ցոյց տուաւ իր նպատակին հասնելու համար, այնքան մեծ են ու գեղեցիկ որքան Գործը որ, իրմէ հիմնուած, ի կատար հանուեցաւ իր հանճարեղ յաջորդներուն ձեռքովը: Այդ կեանքը մին է մարդկութիւնը պատուող այն հոյակապ դիւցազներգութիւններէն ուր կը տեսնենք մարդ մը, որ միս-մինակ, իր հոգեկան կորովէն ուրիշ որեւէ միջոց ու զէնք չունենալով, ընկերական, քաղաքական, բնական բոլոր ուժերուն ընդդիմադրութիւնը կը նուաճէ եւ կը յաջողի ոչինչէն աշխարհ մը ստեղծել:

Վհատութեան օրերու մէջ, այնպիսի պահու մը ուր մեր նորագոյն սերունդէն իսկ կը լսենք ձայներ որ մեր ժողովուրդը կ՚ուզեն իր ծայրայեղօրէն «տկար» տարր մը ըլլալուն համոզել, որ չեն վարանիր Հայը ներկայացնել իբրեւ թոյլ ու լխկած տիպար մը, «գործի սկսելէն առաջ իսկ վհատած», անվնաս սահմանաւորութեան մը մէջ «կծկտած», «անձեռներէց», «խանութպան», «ստրուկ», «նախապաշարեալ», «տիրացու» եւ այլն, օգտակար է, որ մեր ժողովուրդին աչքին առջեւ դնենք պատկերը իրմէ բղխած այն հզօր դէմքերէն մէկուն, որոնց գոյութիւնը ինքնին կը բաւէ ապացուցանելու թէ Հայը՝ մեր նորածիլ յոռետեսներուն կարծածին ճիշդ հակառակը՝ մեր երկրագունտին ամենէն ուժեղ ցեղերէն մէկն է, քանի որ ուժերուն ամենէն թանկագինը, բարոյական ուժը ունեցած է:

Չեմ սիրեր անշուշտ այն վնասակար ինքնախաբէութիւնը, որով կարգ մը անհատներ կամ ժողովուրդներ իրենց կը վերագրեն յատկութիւններ զոր չունին ու չեն տեսներ թերութիւնները, որոնցմով բեռնաւոր են. բայց նոյնչափ անախորժ կը թուի ինծի, եւ աւելի վնասակար, ինքզինքը միշտ եւ ամէն բանի մէջ գէշ տեսնելու ունակութիւնը. հայերս սովոր ենք մէկ ծայրայեղութենէն միւսը ցատքելու, -կամ տղայական միամտութեամբ մը մեր ժողովուրդը աշխարհիս ամենէն հին, ամենէն խելացի, ամենէն ազնիւ, ամենէն փառաւոր ժողովուրդը կը կարծենք, եւ կամ թեթեւ ինքնատեացութեամբ մը մեզ մարդկութեան մրուրն եւ աղբը կը փութանք նկատել:

Ճշմարիտ է որ ազգերու կեանքին մէջ կան վայրկեաններ ընդհանուր անկումի, մեծ ճգնաժամերու, եղերական յեղաշրջութեանց, վիթխարի աղէտքներու հետեւանքով յառաջ եկած անբարոյացումի պահեր, ուր ազնիւ անհատականութիւններ, դառնացած զիրենք պաշարող վատութենէն, իրենց զայրոյթին եւ զզուանքին ձաղկը կը ճօճեն իրենց ազգին գլխուն վերեւ, եւ իրաւունք կ՚ունենան այդպէս ընելու: Հրեայ մարգարէները արհամարհանքի եւ ցասումի ամենէն անգութ բառերը նետած են իրենց ազգին երեսին: Նոյն պատմութիւնն է որ մեր Խորենացիին ներշնչեց այն ահարկու էջն ուր իր ատենին ինկած հայութիւնը հրաշէկ բառերով կը խարանէ: Բայց այդ դառնացածները երբեք իրենց ամբողջ ցեղը չեն պարուրեր համատարած արհամարհանքի մը մէջ, անոր վայրկեանի մը անկումը կ՚ողբան՝ միեւնոյն ատեն անցեալին մէջ անոր ունեցած մեծութիւնը յիշեցնելով իրեն, ու զայն այդ անցեալ գեղեցկութեանը վերադարձնելու բաղձանքէն միայն մղուած…

…Ազգ մը, որ Մխիթարի պէս «նկարագիր» մը արտադրած է, իրաւունք չունի ինքիրմէ յուսահատելու:

Մխիթար, միայնակ, կատարեց հսկայ գործ մը, որ իր ժամանակին համար ամենէն անհրաժեշտը, անմիջականօրէն կարեւորն էր: Հայ ժողովուրդը, որ այսօր կը մաքառի իր ամբողջական ազատագրումը ձեռք ձգելու համար եւ ատով ուրիշ բան չ՚ըներ բայց եթէ Մխիթարի գործը լրացնել (ինչպէս այս դարուն իտալացիները լրացուցին Փեթրարքաներուն, Ալֆիերիներուն, Մոնթիներուն գործը), պէտք չէ, որ վհատի իր սկսած պայքարին ահաւոր դժուարութիւններէն եւ անոր մէջ իր մինչեւ ցարդ կրած աղէտաւոր անյաջողութիւններէն: Պէտք է որ ան ամէն վայրկեան իր աչքին առջեւ ունենայ իր մեծ Մխիթարին օրինակը, պէտք է որ համոզուի թէ ամենէն անիրականալի կարծուած ծրագիրներն իսկ կ՚իրականանան երբ մարդ գիտէ ինք իր վրայ հաւատք ունենալ, զոհողութիւն յանձն առնել ու մաքառիլ: Պէտք է որ Հայ ժողովուրդը ամբողջութեամբ ցոյց տայ այն կամքը, ինքնավստահութիւնն ու անվկանդ յարատեւութիւնը զոր Մխիթար ի յայտ բերաւ իր գործունէութեան մէկ ծայրէն միւսը, եւ ան ալ պիտի հասնի իր ծրագիրն իրականացնելու, ինչպէս Մխիթար յաջողեցաւ իր երազը մարմնաւորել:

(Հատուածներ՝ «Դէմքեր» ժողովածոյէն)

 

Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս

 

Անուշ Թրվանց

Անուշ Թրվանց

Սովորել է ԵՊՀ-ում, իբրեւ լրագրող աշխատել է Հա...