image

Միշէլ Հաժալի քրոջ սրտառուչ գրառումը. «Սպիտակ հագուեցէք անոր թաղման. Այդ էր անոր ցանկութիւնը»

Միշէլ Հաժալի քրոջ սրտառուչ գրառումը. «Սպիտակ հագուեցէք անոր թաղման. Այդ էր անոր ցանկութիւնը»

Փոլա Հաժալ իր ֆէյսպուքեան էջին սրտաճմլիկ ձեւով գուժեց քրոջ՝ Միշէլի մահը: Ան Միշէլի լուսանկարներէն մէկը հրապարակեց, ուր վերջինս խնդալով կը ցատկէ եւ նկարի կողքը մեկնաբանեց՝ «Շարունակէ խնդալ Տէրոջ քովէն՝ վերէն, երնէկ քեզ մեր սիրտը բեկանող, դուն օրհնութիւն մըն էիր, որ այցելեցիր մեզի եւ արագ հեռացար: Երնէկ քեզ, Տէր, որ ունիս իրեն մօտդ, բայց շատ շուտ  առիր   Միշէլը մեզմէ...»:

Փոլան ֆէյսպուքի վրայ նաեւ տարածած էր Միշէլի մահազդագիրը: Անոր թաղման կարգը տեղի պիտի ունենայ այսօր՝ 19 յունիսին, Ժալ Ալ-Տիպի Աւետման Տիրամայր եկեղեցւոյ մէջ:

Այլ հրապարակման մը մէջ, Փոլա Միշէլի սիրելիներէն կը խնդրէ սպիտակ հագուիլ անոր «հարսանիքին» եւ ոչ թէ՝ սեւ, նշելով, որ այդ իր քրոջ ցանկութիւնն էր, եւ գրած. «Հերոսները շուտ կը հեռանան»:

Յիշեցնենք, որ Միշէլ Հաժալը մահացած էր երկուշաբթի օր,  անողոք հիւանդութեան դէմ երկար պայքար մղելէ ետք: Անոր մահուան լուրը ցնցած էր  Լիբանանի հանրութիւնը: Ան 2016 թուականին «Լիբանանի գեղեցկուհի» մրցանքին մասնակցած եւ երրորդ դիրքը գրաւած էր: Միշէլ մեկնած էր  Միացեալ Նահանգներ՝  անհրաժեշտ  բուժում ստանալու  նպատակով։

Ան նշանուած էր եւ կը նախատեսուէր, որ Լիբանան վերադառնալէ ետք ամուսնանար,  սակայն անողոք  հիւանդութիւնը   կտրած էր երիտասարդուհիին կեանքին  թելը։