Պելառուսական կողմի նախաձեռնութեամբ՝ նոյեմբեր 21-ին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Պելառուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Ալեյնիքի հետ: Այս մասին յայտնած են ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութենէն։
Հեռախօսազրոյցի ընթացքին միտքեր փոխանակուած են հայ-պելառուսական երկկողմ օրակարգի շուրջ:
Անդրադարձ կատարուած է ՀԱՊԿ գործունէութեանն առնչուող հարցերու: Արարատ Միրզոյեանը նշած է, որ չի կրնար մասնակցիլ նոյեմբեր 22-ին Մինսքի մէջ նախատեսուող ՀԱՊԿ արտաքին գործերու նախարարներու խորհուրդի, պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի եւ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարներու կոմիտէի համատեղ նիստին: