image

Միրզոյեան-Մոհամմատ Պըն Ռահման Ալ Թանի բանակցութիւններ վարեցին

Միրզոյեան-Մոհամմատ Պըն Ռահման Ալ Թանի բանակցութիւններ վարեցին

Յունիս 22-ին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Քաթարի իր գործընկեր Շէյխ Մոհամմատ Պըն Ապտ Ալ Ռահման Ալ Թանիի հետ:

Արտաքին գործոց նախարարները գոհունակութիւն յայտնած են ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` օրերս քաթար կատարած պաշտօնական այցի արդիւնքներուն վերաբերեալ, եւ կարեւորած են այցի շրջանակներուն մէջ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններու հետեւողական իրականացումը:

Զրուցակիցները անդրադարձած են երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական երկխօսութեան, բարձր մակարդակներով փոխայցելութիւններու աշխուժացման ու տնտեսական կապերու զարգացման ուղղուած քայլերու: Կարեւորուած է տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, գիւղատնտեսութեան, օդային հաղորդակցութեան, զբօսաշրջութեան եւ կրթութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան զարգացումը:

Արարատ Միրզոյեան եւ Շէյխ Մոհամմատ Պըն Ապտ Ալ Ռահման Ալ Թանին միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերու շուրջ: