8 սեպտեմբերին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալի պաշտօնակատար Եուրի Քիմի հետ։
Ինչպէս յայտնած են ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն, քննարկուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր եւ իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։
Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան վերահաստատած է 2020-ի 9 նոյեմբերի յայտարարութեան եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի երկու որոշումներու համաձայն Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման վերացման անհրաժեշտութիւնը։ Ընդգծուած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի` ԼՂ անխափան մուտքի եւ մարդասիրական գործունէութեան ապահովման կարեւորութիւնը։
Նախարար Միրզոյեան հանգամանալից անդրադարձ կատարած է Ատրպէյճանի կողմէ այս ընթացքին իրականացուող ապակառուցողական վարքագիծին, իր իսկ կողմէ ստանձնած պարտաւորութիւններուն եւ միջազգային հանրութեան յստակ կոչերուն անարգանքին, ԼՂ-ի մէջ ցեղային զտումներ իրականացնելու համակարգային քաղաքականութեան։ Ընդգծուած է Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխիքներու շուրջ քննարկումներու համար միջազգային գործուն մեքենականութեան ներդրման անհրաժեշտութիւնը։
Անդրադարձ կատարուած է երկկողմ համագործակցութեան օրակարգին։