image

Միքայէլ արք. Աջապահեանը կալանաւորուեցաւ երկու ամիսով

Միքայէլ արք. Աջապահեանը կալանաւորուեցաւ երկու ամիսով

Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը կալանաւորուեցաւ երկու ամիսով։

Դատարանը ամբողջ գիշեր անոր կալանքի հարցը քննելէ ետք որոշումը հրապարակեց միայն առաւօտեան։ Միքայէլ Սրբազանին արգիլուած են նաեւ տեսակցութիւնները, բացառապէս մերձաւոր ազգականներու եւ պաշտպաններու։

«Մենք այս որոշումը տասնօրեայ ժամկէտ ենք ունենալու՝ բողոքարկելու։ Երբ որ կը տան ամբողջական տարբերակը, կը բողոքարկենք»,-ըսած է փաստաբան Արա Զոհրաբեանը։ Հարցին, թէ ուր պիտի տեղափոխեն արք. Աջապահեանը, ըսած է, որ կ՚ենթադրուի՝ «Նուբարաշէն» ՔԿ։

Զոհրաբեանը դատարանի որոշումը գնահատած է «բացայայտ ապօրինի, անհիմն, բացայայտ իրաւական խայտառակութիւն»։

Լրագրողներու յիշեցուցին, որ միայն երէկ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը չորս գրառում ըրած է այս գործի վերաբերեալ եւ հարցուցին, թէ որքանով ատոնք ազդած են դատարանի որոշման վրայ։

«Ես կարծում եմ՝ միայն գրառումներով չեն ազդեցութիւն գործում։ Նաեւ հեռախօսազանգերի կամ այլ միջոցներով կարող են ազդեցութիւն գործել»,- ըսած է Զոհրաբեանը՝ աւելցնելով, որ «դատաւորը, միանշանակ, անկախ չէր»։

Գործը կը քննէր դատաւոր Մասիս Միքայէլեանը, որ եղած է Հանրապետութիւն կուսակցութեան անդամ։ Հանրապետութիւն կուսակցութիւնը իշխող Քաղաքացիական պայմանագրի դաշնակից գործընկերն է Երեւանի աւագանիի մէջ եւ այլ հարցերու մէջ եւս կը սատարէ կառավարութեան քաղաքականութիւնը։ Մելքոնեանն այս շաբաթ արդէն կալանքի որոշում կայացուցած է Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանի նկատմամբ։

Փաստաբան Երեմ Սարգսեանն ալ նշած է, որ երբ վարոյթը աւարտի, դատական նիստի ձայնագրութիւնն իրենք պիտի հրապարակայնացնեն, «ու դատաւորի այս իրաւական, մասնագիտական խայտառակութիւնը եւ ոչ անկախ, եւ ոչ պրոֆեսիոնալ, վիճակը ակնյայտ կը լինի»։

Փաստաբանները նշած են, որ արք. Աջապահեանը պատրաստ էր այդ որոշման։

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը ձերբակալուած է երէկ։ Անոր մեղադրանք առաջադրուած է «իշխանութեան իւրացման ու սահմանադրական կարգի տապալման» յօդուածով։