«Քեսապի Սուրբ Միքայէլ եկեղեցի» դիմատետրեան էջէն կը կարդանք՝
Երկուշաբթի՝ 8 Նոյեմբեր 2021-ին, Լաթաքիոյ Յոյն Ուղղափառ Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական Ա. ժողովը Լաթաքիոյ քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներու եւ հոգեւոր հովիւներու հետ։Ժողովը կը նախագահեր Լաթաքիոյ Յոյն Ուղղափառ առաջնորդ՝ Արհի. Աթանասիոս Եպս. Ֆահատը, ինչպէս նաեւ Ասորիներու առաջնորդ՝ Արհի. Պթրոս Եպս. Գասիս, Լատին եկեղեցւոյ հայրերը, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր Հովիւը, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հովիւը, Մարոնիթ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը եւ Արաբ Աւետարանական համայնքի Հոգեւոր Հովիւը։Եղբայրական սիրոյ եւ ջեռմ մթնոլորտով տեղի ունեցաւ անդրանիկ ժողովը որմէ ետք կէսօրուայ սիրոյ ճաշը։