image
Հրատապ լուրեր:

Միջազգային հանրութենէն արձագանգ. Freedom House-էն զսպուածութեան կոչ

Միջազգային հանրութենէն արձագանգ.  Freedom House-էն զսպուածութեան կոչ

Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող բողոքի շարժումներուն` կոչ ընելով անոնց մասնակիցներուն խաղաղ ճանապարհով իրացնելու իրենց հիմնարար իրաւունքները, իսկ ոստիկանութեան` զերծ մնալու անհամաչափ ուժ կիրառելէ:

Կազմակերպութենէն նախ նշել են, որ իրենց կ'անհանգստացնեն Հայաստանի մէջ լրագրողներու, հասարակական գործիչներու եւ հասարակ քաղաքացիներու դէմ տեղի ունեցող բռնութիւնները` բողոքի գործողութիւններուն ժամանակ:

«Կոչ կ'ընենք ժողովուրդին խաղաղ ճանապարհով իրացնելու իրենց հիմնարար իրաւունքները եւ ոստիկանութեան կոչ կ'ընենք զերծ մնալու անհամաչափ ուժ կիրառելէ», ըսուած է յայտարարութեաան մէջ: Ապա կազմակերպութենէն յաւելած են` Հայաստանի իշխանութիւններն ու ընդդիմութիւնը պէտք է յարգեն ժողովրդավարական եւ մարդու իրաւունքներու հաստատութիւնները, այդ շարքին` քաղաքացիական հասարակութեան եւ լրատուամիջոցներու անխոչընդոտ գործունէութիւնը, որոնք անհրաժեշտ են` երաշխաւորելու բոլոր քաղաքացիներուն իրաւունքները` ժողովրդավարական կանոններուն, չափանիշներուն համապատասխան: