image

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (43)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (43)

1.Ինչպէ՞ս կը գրուի արդի հայերէնը...

***Թրամփ մօտ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ  համաձայնութեան հասնելու («Ասպարէզ», 4/8/2025):

Մտածենք, համբերութեամբ մտածենք ու փորձենք հասկնալ, թէ ճիշդ ի՛նչ կ’ուզէ ըսել այս խորագիրը:

Հարցում՝

-Թրամփ մօտ է՝ ի՞նչ բանի:

-Մօտ է հասնելու՝ ի՞նչ բանի:

-Ան մօտ է հասնելու համաձայնութեան մը...

Սակայն իրապէ՞ս ան կը ձգտի հասնիլ համաձայնութեա՞ն մը, ինչպէս այս նախադասութեան կառոյցը կը թելադրէ: Եթէ  այո, հապա որո՞ւ հետ պիտի համաձայնի ան: 

Այստեղ կը յիշուին Հայաստանն ու Ատրպէյճանը, սակայն այս երկուքին հետ ոչ մէկ տարակարծութիւն  ունի Թրամփ, որպէսզի հարկ ըլլայ յաղթահարել  զայն  եւ... հասնիլ համաձայնութեան մը:

Բերուած նախադասութեան քերականութիւնը կը տանի ընթերցողը   նման մտորումներու, որոնք սակայն... արդիւնքի մը չեն հասցներ զինք: 

Չեն հասցներ մեզ եւս:

                                                                       *   *   *

Իսկ մենք այլապէս գիտենք, ինչպէս խաշած հաւն ալ գիտէ, որ անհամա-ձայնութիւնը կը տիրէ նոյն ինքն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, եւ այս անհա-մաձայնութիւնն է, որ Թրամփ կը ջանայ վերացնել եւ փոխարէնը համաձայնութիւն հաստատել անոնց երկուքին միջեւ:

Նման կացութիւն մը արտայայտելու ատակ նախադասութիւններ են՝

  ***Թրամփ մօտ է համաձայնութիւն հաստատելու Հայաստանի եւ Ատրպէյ-ճանի միջեւ:

***Թրամփ մօտ է համաձայնութեան մը բերելու Հայաստանն ու Ատրպէյճա--նը:

***Թրամփ մօտ է վերջ տալու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի անհամա-ձայնութեան:

-Հարիւրամեայ «Ասպարէզ»-ը այսքանը չի՞ գիտեր, ուրեմն,- պիտի հարցնէք:

-Գիտէ՜՜՜, շա՜՜՜տ լաւ գիտէ: Սակայն երկու տարբեր բաներ են՝  գիտնալը եւ

գիտցածը ճի՛շդ գրելը:

2.«Նոր Յառաջը» մեր լեզուն լաւագոյն գրողներէն է:

Ունի վճիտ հայերէն մը, որ ուղիղ ժառանգած է   Շաւարշ   եւ Արփի Միսաք-եաններէն՝ աւելցնելով  անոր վրայ արդի հայագիտութեան նուաճումներու լաւա-

գոյն աւանդները եւ մնալով  նախանձախնդիր ամէն օր նոր որակ մը տալու արեւ-մտահայերէնին: 

Այս այսպէս ըլլալով՝ անոր վերջին թիւին մէջ ուշագրաւ էր հետեւեալ վրէպը.

***Փաշինեան-Ալիեւ-Թրամփ հանդիպում կ’ունենան  Ուաշինկթընի մէջ (թիւ 2156):

Ո՞ւր է  անհարթութիւնը:

Այստեղ կ’ունենան  բային իբրեւ ենթակայ  տրուած է Փաշինեան-Ալիեւ-Թրամփ կառոյցը, որ իր այս կիրարկութեամբ այլեւ գոյական մը չէ,- եւ ուրեմն չի կրնար ենթակայի պաշտօն կատարել. խօսքի մէջ ենթակայ կրնան դառնալ մի՛այն գոյականը եւ առարկայանիշ, այսինքն՝ գոյականանիշ բառերը:

Իսկ Փաշինեան-Ալիեւ-Թրամփ կառոյցը գոյական չէ, այլ ածական:

Այդ երեք յատուկ անուններուն միջեւ դրուած միութեան գծիկը միացող գոյականններու գումարը կը վերածէ  մէկ միասնական ածականի, որ կը պատասխանէ  ո՞ր կամ ի՞նչ  հարցումներէն մէկուն, որ յատւկ է ածականին  կամ աւելի ընդհանրական եզր մը գործածելով՝ յատուկ է որոշիչին: Օրինակ՝

-Շուտով տեղի կ’ունենայ Փաշինեան-Ալիեւ-Թրամփ հանդիպումը:

Հարցում՝ ո՞ր հանդիպումը, ի՞նչ հանդիպում:

Պատասխան՝ Փաշինեան-Ալիեւ-Թրամփ հանդիպում:  

Նմանապէս՝ 

Տեղի պիտի ունենայ Սուրիա-Լիբանան սահմանագծումը

Երեւան-Մոսկուա թռիչքը վերսկսաւ:

Հնդկաստան-Փաքիստան պատերազմը կանգ առաւ:

Հայաստան-Թուրքիա սահմանը կը շարունակէ փակ մնալ:

Ասոնք բոլորը որոշիչ-որոշեալ կապակցութիւններ են:

Եւ ընդհանուր առմամբ՝  իրարու միութեան գծիկով  կապուած երկու եւ աւելի գոյականներ կ’ընկալուին իբրեւ ածական ու կը կատարեն որոշիչի պաշտօնը:

                                        *   *   *

Կը բաւէ, որ յիշեալ յատուկ անունները տրոհենք ստորակէտով, ապա անոնք կը պահեն իրենց գոյականական իմաստը եւ կրնան կատարել գոյականի յատուկ բոլոր պաշտօնները:

Այսպէս՝

***Փաշինեան, Ալիեւ, Թրամփ պիտի շուտով հանդիպին:

Նախընտրաբար եւ շաղկապով՝ 

***Փաշինեան, Ալիեւ եւ Թրամփ պիտի շուտով հանդիպին: 

Գծիկով միացած կառոյցները կը կոչուին բաղհիւսական բարդութիւններ, ուր բաղադրիչները հաւազարազօր են, մինչ սովորական բարդութիւններու մէջ բաղադրիչներէն մէկը կ’ըլլայ միւսին լրացումը, ինչպէս՝ գետացի՝ գետի ձի, մսակեր՝ միս ուտող,  բարձրահասակ՝ բարձր հասակ ունեցող եւ այլն:

Բաղհիւսական  բարդութեան բաղադրիչները կրնան հասարակ գոյական-ներ ալ ըլլալ. օրինակ՝ հայ-թուրք   յարաբերութիւններ,  եկեղեցի-հաւատացեալ   կապեր,  հայր-որդի  վստահութիւն, քոյր-եղբայր  զրոյցներ:

Այս վերջիններուն ածականական կամ որոշչային արժէքը  կը քանդուի միութեան գծիկի վերացումով. օրինակ՝  հայը եւ թուրքը,  հայրը եւ որդին  եւ այլն:

Մրմցոյթ 42.

***Սրբագրէ՛ հետեւեալին քերականական սխալները.

---Ան նաեւ նշեց, թէ կարելի եղած էր երկիրը   երկրին խնայել մեծ խռովու-թիւն  մը խռովութենէ:

***Ինչպէ՞ս կարելի է խուսափիլ ըլլալ դերբայէն:

---Նախարարները իրենցմէ գաղտնի գործարքի մը գոյացումը  ըլլալը զգացին:

***Դուն ինչպ է՞ս կը գրէիր հետեւեալը.

---Ճգնաժամը պիտի վատթարանայ, որովհետեւ հոկտեմբերէն առաջ անձ-րեւներ չեն   չի նախատեսուիր:

***Վեց բառով ըսէ՛ հետեւեալը.

---Ամերիկեան առաջարկը պաշտօնական կերպով պաշտօնապէս  չէ փոխանցուած իսրայէլեան կառավարութեան:

Ծանօթ.Չէ փոխանցուած  մէկ բառ է:

Ճիշդ պ ատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (10), Ցոլակ Ապտալեան (5), Համբարձում Յարթունեան (7), Միրնա Սիւլիւքճեան (7,5), Լիզա Յովհաննէսեան (5), Գեղամ Խաչատրմեան (3), Պերճ Տէր Սահակեաան (6...), Եփրեմ Թոքճեան (10)1

Մրցոյթ 43.

***Սրբագրէ՛ հետեւեալին քերականական սխալները.

---Ռուսական բանակը չի հարուածեր քաղաքային թիրախներու եւ կամ խաղաղ բնակչութեան («Ազդակ», 18/9/2025, էջ 8): 

***Ինչպէ՞ս կը վերաշարադրես ընդգծուած մասը՝ առանց մօտ-ի:

---Կարգ մը լիբանանցիներու մօտ պատրաստակամութիւն կայ հարցերը դէպի բախում մղելու («Ազդակ», 19/9/2025, էջ 2):

***Ինչպէ՞ս կը խուսափիս կրկնաբանութենէ:

---Անոնք պիտի քննարկեն անվտանգութեան նոր համաձայնութեան մը իսրայէլեան առաջարկ մը («Ազդակ», 19/9/2025, էջ 8):

***Լեզուական հետեւեալ  գոհարը կը բովանդակէ  անհամասեռութիւն մը եւ քերականական երկու սխալ. փորձէ՛ գտնել ու սրբագրել զանոնք.

---ՖԻՆԻՒԼ-ը կոչ ուղղեց դադրեցնելու որեւէ յաւելեալ օդային յարձակում-ներ շղթայազերծելը եւ յարգելու լիբանանեան հողերէն ամբողջովին հեռացումը («Ազդակ», 20/9/2025, էջ 6):

***Հետեւաեալին մէջ բառ մը փոփոխութեան կը կարօտի.

---Երկրագունդի գործուն հրաբուխները յաճախ մարդկային մեծաթիւ զոհերու առիթ կը հանդիսանան (Մամուլ):

 



Արմենակ Եղիայեան 
armenag@gmail.com