image

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (3)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (3)

«Ազդակ» մտահոգիչ   յաճախականութեամբ կը շարունակէ գրաւել լուսար-

ձակները. անոր  14/12/2024-ի թիւին մէջ  կը կարդանք. 

 

  1. --«Ատիկա ընել պէտք չէր արտօնուեր»:

Արտօնուեր՝ եր-ով:

Պէտ է ըլլայ արտօնուէր՝ էր-ով, որովհետեւ  ունինք դիմաւոր բայ մը, եւ ոչ թէ դերբայ մը:

Պէտք է եւ պէտք չէ բառերէն ետք դերբայ չի կրնար գալ, մի՛շտ  ու մի՛այն դիմաւոր բայ կու գայ. օրինակ՝

Պէտք է/պէտք չէ ...     արտօնէի-արտօնէիր-արտօնէր:

Պէտք է/պէտք չէ ...     արտօնուէի-արտօնուէիր-արտօնուէր:

Պէտք է/պէտք չէ ...    քալէի-քալէիր-քալէր, վազէի-վազէիր-վազէր եւ  այլն:

Մեր հազարաւոր բայերէն  ոչ մէկը կը շեղի այս ոսկի կանոնէն:

                                                         *   *   *

Նոյն սխալը գործուած էր «Ազդակ»-ի  10/12/2024 թիւին մէջ, այսինքն՝ չո՜՜՜րս երկա՜՜՜ր օրե՜՜՜ր  առա՜՜՜ջ:

--«Քաջազնունի այդ գիրքը պէտք չէ գրեր» (էջ 3): 

Նոյն օրն իսկ տեղեակ պահեցի թերթին արժանապատիւ աւագանիի բոլոր սրտցաւ անդամները՝  ապաւինելով  անոնց   ազգային խղճին,  թերթի վարկին, հայոց լեզուին եւ մեսրոպեան ուղղագրութեան հանդէպ հաւատարմութեան:

Այս բոլորը շատ, շատ, շատ տխուր է, գիտնալ, որ այսքան անպաշտպան ու  լքեալ  է հայերէնը, համարեա քուրջի կտոր մը ըլլար ան, որ որեւէ կարկտանի, իմա՝ սրբագրութեան  արժանի չէ այլեւս:

  1. «Ազդակ»-ի նոյն թիւին մէջ  կը գտնենք՝

--«Հայըաթ Թահրիր Շամ», բառակապակցութիւնը.

Որ Սուրիոյ  յեղափոխական նոր իշխանութեան անունն է:

Նախ ուղղագրական վրէպի տպաւորութիւն ձգեց, բայց ոչ, ան բազմիցս ու բազմաթիւ օրեր կրկնուեցաւ  ու կը շարունակէ իր «յաղթական» երթը:

Այստեղ խնդրոյ առարկան  անոր առաջին բաղադրիչն է՝ որ հայերէն տուած է Հայըաթ՝  հայերէնին համար բոլորովին խորթ, անարտասանելի, կզակի ու կոկորդի հազար ծամածռութիւն պահանջող  մտացածին այլանդակութիւն մը:

                                               *   *   *

***Արաբերէնի մէջ բառս երկվանկ է, հայերէն դարձած է եռավանկ հա-յը-աթ:

***Արաբերէնի մէջ ը ձայնաւոր գոյութիւն չունի, հայերէնը ունի  ը պոչը: ***Հայերէն որեւէ ատեն, ոչ մէկ տեղ եւ ոչ մէկուն ձեռքով չէ գրուած բառ մը, որուն մէջ մտնէ ձայնաւորական ըա  զոյգը՝ ա՛յս  հերթականութեամբ:

Նման ապազգային ու յերիւրածոյ  տառադարձութիւնը  ամօթ մըն է նախ գրողին, եւ ապա  նախատինք մը մեսրոպեան ուղղագրութեան եւ  Մեսրոպին:                                                                                                                                                             *   *   *

Այժմ սերտենք բնագրին արտասանութիւնը:

Արաբերէն անոր առաջին վանկը  պարզապէս կ’արտասանուի հայ:

Երկրորդ վանկը կ’արտասանուի ճիշդ անգլերէնի  at  բառին պէս:

Ուրեմն ամբողջութիւնը պարզ ու մէկին  Հայ+at է, որուն արտասանութիւնը մատչելի է ամէն հայու ու ամէն բերնի:

Այս at  բառի a ձայնաւորը կը նոյնանայ արաբերէնի ալեֆին հետ, որ հայ լեզուաբանութեան մէջ կը կոչուի «քմային այբ», եւ միջազգային գրադարձական այբուբենի մէջ կը գրուի ä տառով:

Ուրեմն  Հայ +ä+թ:

Արդ, հայերէնը քմային  ä չունի:

Ուրեմն ի՞նչ լուծում տալ կացութեան, ինչպէ՞ս արձանագրել արաբական այդ բառը, որ այսուհետեւ ենթադրելի է մեծ յաճախականութեամբ պիտի հանդիպի  աշխարհի բոլոր կողմերը՝ ներառեալ հայ մամուլը:

                                                                                   *   *   *

Ի վաղուց անտի հայերս սեմական այս հնչիւնը, այսինքն՝  քմային  այբը, տառադարձած ենք ընդհանրապէս  մեսրոպեան  ա-ով. օրինակ՝  Ժամալ, Մալաք, Քամալ, Քամիլ... այստեղ երեւցող ա-երուն բոլորը արաբերէնի մէջ քմային են: 

Պատահած է, որ զայն երբեմն ե/է տառադարձենք,  օրինակ՝ Ահմետ կամ Ահմէտ, Հալէպ, ինչ որ շատ ըմբռնելի է, քանի  այդ քմային  ա-ն բնախօսօրէն   մեսրոպեան այբ-ին եւ եչ-ին ճիշդ  կէս ճամբուն վրայ գտնուող հնչիւն մըն է. ան՝ կը յարի թէ՛ մէկուն, թէ՛ միւսին:

Սակայն բացարձակապէս ոչ մէկ անգամ ըա  տառադարձուած է ան:

«Ազդակ»-ի քաղաքական էջի այլանդակ ու անհեթեթ, այլեւ անպատասխանատու  ու յերիւրածոյ  տառադարձութիւններուն ծանօթ  ու երկար շարանին մաս կը կազմէ այս ըա-ն:

                                                                      *   *   *

Անգլիական ու ֆրանսական բոլոր լրագրերը տառադարձեցին Hayat:

Զայն Հայաթ տառադարձեցին հայրենի բոլոր  աղբիւրները, ինչ որ ամենա-տրամաբանականն է կարելի բոլո՛ր  լուծումներուն մէջ:  

Աւելցնեմ, որ Հայըաթ ունի «Ասպարէզ» եւս, որ պարզապէս տառացի՝ copy-past-ով  վերարտադրած է «Ազդակ»-ի յօդուածը: Հէյաթ  տառադարձած է Լոս Անճելըսի «Մասիս»-ը. զայն նոյնութեամբ արտատպած է «Արարատ». ենթադրելի է, որ  «Մասիս» հետեւած ըլլայ ամերիկեան արտասանութեան: 

Իսկ «Յուսաբեր», «Հայրենիք», «Լուսաբաց», «Զարթօնք»    եւ «Ալիք»  ունին  Հայաթ:      

Յետագրութիւն

Տրուած ըլլալով, որ կացութենէն ոչինչ պիտի փոխուի «Ազդակ»-ի քաղաքական էջէն, ինչպէս սովորութիւնն է, ապա ընթերցողներուն կը մնայ հաշտուիլ այս կացութեան հետ.  քիչ մը փորձեր ընել՝ կզակը աջ-ձախ  տարուբերելով, ապա   վեր-վար ծամածռելով,  մինչեւ որ կարելի ըլլայ  Հայըաթ արտասանել: Կարելի է կոկորդային ինչ-որ վիրահատութեան ալ դիմել՝ փոխելով ձայնալարերուն դրուածքը եւ նոր ունակութեամբ  օժտել զանոնք:

Մրցոյթ 2.

***Սրբագրէ՛ հետեւեալին կրկնաբանութիւնը.

---Ձեր պարտէզի ծառերը մերիններէն  շատ աւելի պտուղ  կու տան:

***Հետեւեալ երկուքէն ո՛ր մէկը աւելի արտայայտիչ ու բարեհունչ կը գտնես.

---Սուրիոյ տարածքին 70 տոկոսը իշխանութեան տիրակետութեան տակ չէ:

---Սուիրոյ տարածքին 70 տոկոսը իշխանութեան տիրապետութենէն դուրս է:

***Հետեւեալին ո՞ր բառը կը տեղափոխես.

---Անոնք արծարծեցին քաղաքական իրադարձութիւնները՝ նկատելով զանոնք  տարածաշրջանը վտանգող շարժումներ:

***Հետեւեալին մէջ ո՞ր բառը կը փոխարինես հոմանիշով մը.

---Թշնամին նոր ուժեր կուտակեց  առ ի նախատեսութիւն  հաւանական ամէն զարգացումի:

***Գտի՛ր քերականական սխալը եւ սրբագրէ՛ զայն:

---Սուրիան Իրաքի անվտանգութեան շարունակութիւնն է, ուստի անոր 

ապահովութիւնը կարելի չէ անջատել Իրաքինէն:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (8), Ցոլակ Ապտաալեան (3),

Դանիէլ Թիւֆենքճեան (5), Համբարձում Յարթունեան (6), Եփրեմ Թոքճեան (6), Գեղամ Խաչատրեան (6) :

 

Մրցոյթ 3.

***Զետեղէ՛ միայն բառը հետեւեալին մէջ.

---Քաղաքը կառուցուած է մօտաւորապէս հինգ հարիւր տարի առաջ:

***Հետեւեալներէն երեք-երեք ընտրէ՛ ամենավայելուչը.

ա)---Ան  խանդավառ շարունկեց աշխատանքը:

---Ան խանդավառօրէն շարունակեց աշխատանքը:

---Ան խանդավառութեամբ  շարունակեց աշխատանքը:

բ)---Ան յամառ հետապնդեց  նպատակը:

---Ան յամառօրէն հետապնդեց  նպատակը:

---Ան յամառութեամբ հետապնդեց նպատակը:

***Հետեւեալին ո՞ր բառերը կը զեղչես.

---Սուրիոյ մէջ կացութեան վերաբերեալ միջազգային քննարկումները կը շարունակուին:

***Հետեւեալին մէջ  կան տեղափոխելի բառեր.

---Երգչախումբը ներկայացուցած է յուզիչ  երաժշտական կտոր  մը՝ զոհերու յիշատակին նուիրելով զայն:

***Վերաշարադասէ մի՛այն ընդգծուած հատուածը:  

---Ան հաստատեց իր դիրքորոշումը՝ Սուրիոյ մէջ կողմերուն կոչ ուղղելով միասնաբար  սուրիական հողին ամբողջականութիւնը պահպանելու:

 



Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com