image

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (5)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (5)
  1. Տառադարձական տագնապ

«Ազդակ»-ի հայագիտական հանճարը կ’անցընէ իր  տառադարձական հերթական տագնապը, որ օր ըստ օրէ աւելի կը սրի. Սուրիոյ վարչական վերիվայրումները նոր թափ տուին անոր մղձաւանջին՝  նորանոր նապաստակներ աւելցնելով անոր գլխարկին տակ:

Հազիւ երկու շաբաթ  առաջ էր, որ   բառը տառադարձուեցաւ իբրեւ   Հայըաթ  ուղղագրութիւնը ունեցող հրէշաբանութեամբ  եւ copy-past-ի  դրութեամբ իսկոյն որդեգրուեցաւ «Ասպարէզ»-ի եւ «Ազատ օր»-ի հիւրընկալ էջերուն:

Այս սիւնակներէն երկար անդրադարձանք տեղի ունեցած  մտաւորական հերթական նախճիրին:

Անոր մելանը չէր չորցած, եւ արդէն  ծնունդ առաւ երկրորդ այլանդակութիւն մը՝ (Ահմետ) Շարհ հոն, ուր  «հ» հնչիւնի ոչ մէկ հետք կայ. սա մաքուր ալ-Շարաա է, ինչպէս զայն կը հաստատէ կցուած անգլերէն  տառադարձութիւնն ալ, որ ֆրանսացիին համար al-Charaa է:

 

Բայց ահա այս եւս իր պատրաստ շուկան   գտած է ի դէմս «Յուսաբեր»-ի, որ իր կարգին կը գրէ Շարհ: Իսկ մենք միամտա-

բար կ’ակնկալէինք, որ «Յուսաբեր»-ի խմբագրութիւնը գէթ   չիյ-նար այս ծուղակը՝ տրուած ըլլալով  անոր  արաբագիտութիւնը:

Շարքը ասով ալ չփակուեցաւ. հասաւ ուրիշն ալ:

                                                                        *   *   *

Որ ահաւասիկ.

Սուրիա օրին ունեցած է  քաղաքական դէմք մը, որ 20 տարի միահեծան պաշտօնավարած է իբրեւ արտաքին նախարար, իսկ13 տարի ալ իբրեւ փոխնա-խագահ՝ ի վերջոյ  2013-ին պաշտօնազրկուելով ու անկէ ասդին ապրելով տնային կալանքի մէջ:

«Ազդակ» այս ամբողջ ժամանակը  Ֆարուք Շարեհ կոչած է այս մարդը. 

--Ֆարուք Շարեհ Ռուսիա գաղտնի այցելութիւն մը կատարած է (27/12/2011):

 

--Թուրքիա առաջարկած է, որ Սուրիոյ փոխ-նախագահ Ֆարուք Շարեհ ստանձնէ երկրին ղեկավարութիւնը (8/10/2012):

Սուրիոյ նոր իշխանութիւնը ազատութիւն շնորհեց անոր,  իսկ «Ազդակ» իր կողմէ  շնորհեց նոր անուն մը՝ Ֆարուք Շարհ:

Այսինքն՝ մէկ սխալը «սրբագրեց» ուրիշ սխալով մը:

Ինչպէս կը նկատենք, տառադարձական խեղաթիւրումի  աւանդոյթը կը շարունակուի անարգել ու անպատիժ, զգաստութեան ու ինքնասրբագրման  առանց որեւէ նշոյլի, իսկ  նման բանը կրնայ պատահիլ մի՛միայն արեւմտահայ իրականութեան մէջ եւ փաթթուիլ... մինուճար արեւմտահայերէնի գլխուն:

Չէ՞ որ մեզ հայ են ասում...

  1. Ոչ միայն... այլեւ...

Ձեզմէ ոմանք պիտի արդարօրէն ըսեն.

Ա՛լ ձանձրացանք, կը բաւէ՛ ոչ միայն...այլեւ հոլովենք:

Դուք կրնաք  անկէ ձանձրացած ըլլալ,  սակայն բոլոր նշանները ցոյց կու տան, որ ան Ձեզմէ... ձանձրացած չէ:

Ահա ապացոյցը՝ տաքը-տաքին. 

***Իսրայէլեան ուժերը ոչ միայն դուրս չեն գար լիբանանեան տարածքներէն, այլեւ կը շարունակեն  նաեւ իրականացնել  յաւելեալ պայթումներ («Արարատ», 19/312/2024, էջ 1):

                                                        *   *   *

Ի՞նչ մտածել այս օրինակին մասին, ուր ունինք՝ ոչ միայն...այլեւ...նաեւ...

Բոլորդ ալ գիտէք, որ այսպիսի շաղկապ չունի հայերէնը, կ’ենթադրեմ, թէ «Արարատ»-ն ալ գիտէ այսքանը, եւ պատահածը անուշադրութեան հետեւանք է կամ ալ շատ անփորձ մէկը գրած է այս նախադասութիւնը:

Ոչ միայն... այլեւ... զուգադիր շաղկապին վրայ եւ անկէ ետք  նոյն նախադա-սութեան մէջ  չենք կրնար  աւելցնել եւ, եւս, նաեւ, ալ   հոմանիշ շաղկապներէն ոչ մէկը, քանի որ այլեւ-ը   արդէն գումարն է այլ+ նաեւ շաղկապներուն. նման յաւելումը անհեթեթ կրկնաբանութիւն մը պիտի յառաջացնէր: 

Ուրեմն սերտուող նախադասութեան  նաեւ-ը  բոլորովին մերժելի է:

                               *    *    * 

Այս բոլորէն ետք մեզի կը մնայ մեր  խորին երախտագիտութիւնը յայտնել «Արարատ»-ին՝ այսքան ուսանելի սխալ մը հայթայթած ըլլալուն համար:

Վարձքը կատար:

Նոյն տեղը մեզի վերապահուած է այլ գողտրիկ անակնկալ մը եւս.

***Մանրակրկիտ որոնումներուն արդիւնքով բացայայտուեցաւ երեք զոհի մարմին (անդ): 

«Արդիւնքով» ռուսաբանութիւնն է ան: 

Որ  մոռցուցած է մեր  այնքան համբուրելի բնիկ շնորհիւ-ը.

--«Մանրակրկիտ  որոնումներուն շնորհիւ բացայայտուեցաւ երեք զոհի մարմին»:

                                                                              *    *    *

Ամանորեայ հաճելի անակնկալ մըն ալ ունի «Ասպարէզ»-ը.

--«Մինչեւ իր պաշտօնավարութեան վերջին օրը Ամերիկա պիտի աշխատի Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ («Ասպարէզ», 21/12/2024):

Ինչպէս կը նկատէք, «Ասպարէզ»-ի գլխարկը երէց եղբօրը ունեցածէն պակաս չէ իր պարունակած նապաստակներով եւ պատրաստ է, ի պահանջել հարկին, հրապարակաւ ցուցադրելու զանոնք:

Շատ հետաքրքրական է գիտնալ, թէ  այդ ի՛նչ պաշտօն է Ամերիկային... վարածը, ո՞ւր  եւ որո՞ւ    հաշուոյն  կը վարէ զայն:

Մրցոյթ 4.

***Հետեւեալ չորսէն ո՞ր մէկը աւելի հեզասահ ու բարեհունչ է.

---Այսօր ձմեռը կը սկսի: ---Ձմեռը կը սկսի այսօր:

---Այսօր կը սկսի ձմեռը: ---Ձմեռը այսօր կը սկսի:

***Կէտերը փոխարինէ յարմար շաղկապով մը:

---Թէեւ հասած ենք  նախատեսուած սահմանը, այսուհանդերձ անհրաժեշտ կը  համարենք ընել յաւելում մը:

***Ջնջէ՛ երեք աւելորդ բառերը

---Անոնք քննարկեցին երկու երկիրներու միջեւ  ելեկտրական  ոլորտին մէջ գործակցութեան  կարելիութիւնները:

***Հետեւեալին մէջ բառ մը սխալ կիրարկուած է եւ կը կարօտի փոխարինումի.

---Կը շարունակեմ  հանրապետութեան նախագահի  պաշտօնին թեկնածու մնալ, թէեւ (այսուհանդերձ, միւս կողմէ) դրական կ’ընկալեմ ներկայ փուլին պատշաճ եղող որեւէ անուն: 

***Կէտադրական ի՞նչ նշան կը դնես գծիկներուն փոխարէն

---Նկատուեցան  բնականոնացումի քայլեր. (միջակէտ) վերաբացուեցան սահմանային անցքերը, դպրոցները վերսկսան գործել,  դրամատուները բացին իրենց դռները եւ այլն:

 

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (6), Գեղամ Խաչատրեան (7), Շաքէ Մանկասարեան-Գրոկան (6), Համբարձում Յարթունեան (4), Ցոլակ Ապտալեան (5), Պերճ Տէր Սահակեան (6), Եփրեմ Թոքճեան (7):

 

Մրցոյթ 5.

***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրէիր արեւելահայ լրագրողի մը հետեւեալ նախադասութիւնը.

---Ամբաստանեալը դատապարտուել է մահապատժի և զրկուել քաղաքական իրաւունքներից։

***Դուն ինչպէ՞ս կ’ըսէիր հետեւեալը.

             ---Լիբանանի մէջ հայ որբերու հիւսած գորգ մը նուիրուած է Հայաստանի:      

***Սրբագրէ՛ հետեւեալ բազմասխալ կառոյցը.   

---ՀԱՄԱՍ Իսրայէլին մեղադրած է Կազայի շրջանին մէջ խաղաղութեան համաձայնագիրը ձգձգելով:  

***Ինչպէ՞ս կրնաս տրամաբանական դարձնել հետեւեալ բառակոյտը.

---Կը ձգտինք սահմանադրութեան մը, որ կարելի եղածին չափ երկար կ’ըլլայ («Ազդակ», 30/12/2024, էջ «):

***Սրբագրէ՛ հետեւեալներուն կրկնաբանութիւնները.

---Ներկայ փուլը ամէնէն վտանգաւոր փուլն է («Ազդակ», 30/12/2024, էջ 2):

---Այդ գործընկերութիւնը հիմնուած է ամուր հիմքի վրայ (անդ, էջ 8):



Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com