image

Մհեր Գրիգորեանի եւ Ալեքսէյ Օվերչուքի հանդիպումը տեւած է մօտ 5 ժամ

Մհեր Գրիգորեանի եւ Ալեքսէյ Օվերչուքի հանդիպումը տեւած է մօտ 5 ժամ

ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի հետ երէկ` սեպտեմբեր 13–ին կայացած հանդիպումը տեւած է մօտ 5 ժամ, որ կը նշանակէ, որ համատեղ աշխատանքը շատ է։ Այսօր Լոռիի մարզին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին ըսած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը։

«Մանրամասն անդրադարձ ունեցանք ամբողջ երկկողմ օրակարգին։ Քննարկեցինք ե՛ւ փոխադրային կապի, ե՛ւ երկկողմ առեւտուրի հարցերը, անդրադարձանք մարդասիրական եւ օդափոխադրութեան ոլորտի մէջ համագործակցութեան, նաեւ զբօսաշրջութեան»,- նշած է Օվերչուքը։

Ան շեշտած է, որ յատկապէս մեծ թափով վերջին շրջանին կը զարգանայ զբօսաշրջութիւնը երկու երկիրներու միջեւ։ Միայն 2023 թուականին Ռուսիայէն Հայաստան մօտ 1 միլիոն մարդ եկած է։

«Հայաստանը՝ որպէս զբօսաշրջային ուղղութիւն, մեծ պահանջարկ ունի, մեր երկրէն կը սիրեն գալ, այստեղ միշտ կը զգան երկրի ու հայ ժողովուրդի ջերմութիւնը»,-ըսած է Ռուսիոյ կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեան։

Ան աւելցուցած է՝ պէտք է ջանքեր գործադրուին երկու երկիրներու կապերն առաւել ամրապնդելու համար։

Նշենք, որ սեպտեմբեր 13-ին ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը Երեւանի մէջ պայմանաւորուած են տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի նոր նիստի մասին, որ պիտի կայանայ Ռուսիոյ մէջ: