Կը շնորհաւորեմ բոլոր անոնք, որոնք վաստակած են անկախութիւնն իրենց քրտնաջան ծառայութեամբ, նուիրումով։ Այսօր Արցախի այս վիճակը, ուր մենք կը գտնուինք, պէտք է մասնագէտներու կողմէ ընկալելի ըլլայ այնքանով, որքանով մենք հասկցած ենք։ Այս մասին 2 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Արցախի թեմի առաջնորդ Տէր Վրթանէս եպս. Աբրահամեան՝ աւելցնելով, որ Արցախի անկախութիւնն ունի երկու շերտ՝ հոգեւոր եւ նիւթական։
«Նիւթականն այն է, որ մենք հասանք անկախութեան ֆիզիքական նուիրումով, պատերազմով ու յաղթանակով, հոգեւորն այն է, որ մենք չհասկացանք, որ յաղթանակն ու անկախութիւնը մի մեծ գանձ են, մեր սրտերը պէտք է մշտապէս այդ գանձի հետ լինեն, պահենք ու պահպանենք միասնականութեամբ, ոչ թէ եսակեդրոն լինել»,- նշած է ան:
Ան ընդգծած է, որ չենք պահպանած այդ գանձը, անոր համար այսօր չարը որոշած է, որ արցախահայութեան անկախութիւն պէտք չէ ընդհանրապէս։ Միեւնոյն ժամանակ ան աւելցուցած, որ կը կարծէ, որ մենք կը գիտակցինք ու նորովի արժեւորուած ձեւով պիտի կարողանանք պահպանել ձեռք բերուածը։
Հարցին, թէ ինչպէս պատահեցաւ, որ այսօր հայութեան հնարաւոր եղաւ պառակտուիլ, Տէր Վրթանէս եպս. Աբրահամեան պատասխանած է, որ հայութիւնը մեծ գեղեցիկ զգեստ մըն է, որ այսօր կարկտաններու վերածած են ։
«Այսօր մեզ կարկատանների վերածեցին՝ արցախահայութիւն, հայաստանահայութիւն, սփիւռքահայութիւն, սա բացառապէս անընկալելի եւ անընդունելի է, չարի գործօններն են։ Եթէ մենք Աստծով ենք յաղթանակ կերտել, ուրեմն Աստծով ու սիրով պէտք է միաւորուենք՝ ներելով մէկս միւսին եւ համախմբուելով։
Այո, ժամանակը կարող է քիչ լինել, չկարողանանք այն ամէնը, ինչ մտածել ենք գործի դնել, բայց եթէ համախմբենք, Աստուած թոյլ կու տայ այդ ժամանակը գործի մեզ համար»,- ըսած է Տէր Վրթանէս եպս. Աբրահամեան։