Մեծն Բրիտանիոյ նոր արտաքին գործոց նախարար Իւեթ Քուփըրը առաջին արտասահմանեան այցով ժամանած է Ուքրանիա:
«Արտաքին գործոց նախարարն իր այցի ընթացքին պիտի ընդգծէ Մեծն Բրիտանիոյ կողմէն Ուքրանիոյ անսասան աջակցութիւնը եւ յստակ պիտի յայտարարէ, որ Ուքրանիոյ պաշտպանութիւնը ռուսական յարձակումէն կենսական նշանակութիւն ունի Մեծն Բրիտանիոյ եւ ամբողջ Եւրոպայի անվտանգութեան համար»,-ըսուած է բրիտանական ԱԳՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Քուփըրը պիտի այցելէ Ուքրանիոյ կառավարութեան շէնք, որ տուժած է ռուսական յարձակման պատճառով: Նախարարը նաեւ յայտարարած է ձմեռը եւ յաջորդ տարի Ուքրանիոյ աջակցելու համար 142 միլիոն ֆունտ սթեռլինկ օգնութիւն յատկացնելու մասին: