Այս բոլորը նշելէ անդին հարկ է նաեւ հաշուի առնել, որ երկար տարիներու աշխատանքի արդիւնք հանդիսացող նկուղները ունին բազմաթիւ առաւելութիւններ ու ինչպէս շատեր կը կարծեն անոնք իրական ներուժ ունին իսրայէլեան բանակին համար դառնալու իսկական դժոխքներ։
Ու այս բոլորին համար է, որ «Համաս»-ի զինեալներ ամէն անգամ երբ կը խօսին իրենց «հպարտանք»ը եղող նկուղներուն մասին իսրայէլեան բանակին ըսելով «Ահլան ու սահլան Ձեզի, բարի եկած էք դժոխքին մէջ»։
Շատ գրուած է Գազայի նկուղներուն մասին։ Ռազմական վերլուծաբաններ նկատել տուած են, որ «Համաս»ի ռազմական թեւին «Ալ Քասսամ»ի զինեալներուն կողմէ փորուած եւ տարբեր յարմարանքներով օժտուած նկուղները պատերազմի այս փուլը պիտի փոխ-կապակցնեն առաջին աշխարհամարտի ընթացքին օգտագործուած նկուղներուն հետեւաբար նաեւ անոնց ստեղծած դժոխային իրականութեան հետ։
Իսրայէլեան բանակը, որ մինչեւ այս պահը տակաւին չէ գիտակցած թէ ինչ, թէ ինչ անկանկալներու կրնայ հանդիպիլ, երբ գործի դնէ դէպի Գազա ցամաքային ներխուժումը, ըստ երեւոյթին պատրաստած է յատուկ ջոկատ մը, որ կը կոչուի ՝ «Եահալոն», եւ այդ ջոկատի հիմնական նպատակն է ապահով եւ անվտանգ կերպով դէպի Գազա ցամաքային ներթափանցումը սկսիլ ու ապա ճանապարհ բանալ բանակի միւս ջոկատներուն։
Յատուկ գործողութիւններու համար նախատեսուած այս ջոկատը կը բաղկանայ հազար ջոկատայիններէ, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր արհեստական նկուղներ ունեցող ենթադրեալ քաղաքներու ուղղութեամբ մասնայատուկ գործողութիւններ իրականացուցած են։
Ի դէպ նոյն այս ջոկատը, որուն համար Իսրայէլի կառավարութիւնը մեծագումար յատկացումներ կատարած է ունի նեցուկը «Օ քէթց» անունով մարզուած շուներու ջոկատի մը։ Այդ շուները ի վերջոյ, որոնք օժտուած են սուր հոտառութեամբ կարողութիւնը ունին նկուղային ճանապարհներու անվտանգութիւնը նախզգալու ու նաեւ ցոյց տալու, թէ այդ նկուղներու որ հատուածներուն մէջ կը գտնուին զէնքի կարեւորագոյն թաքստոցներն ու կեդրոնները։
Միւս կողմէ կը նշուի նաեւ, որ «Եահալոն»-ի ներխուժման առաջին քայլերը պիտի զուգորդուին բանակի հրետանիի յատուկ գործողութիւններով։ Այստեղ է նաեւ, որ պիտի առանձացուին այն հրթիռատեսակները, որ ամերիկեան զինանոցի «փառքն ու պսակ»ը կը համարուին։
Այդ հրթիռատեսակներէն G B U 28-ն ու նաեւ Bunker Buster անունով հրթիռատեսակները։
Այս հրթիռները կ՚առանձնացուին անով, որ անոնք կարողանան հատել մինչեւ վեց մեթր հասնող պեթոնային պաշտպանութիւն ունեցող քարէ պատրաստուած եւ հատելէ ետք միայն մեծ պայթում առաջացնել քանդելով, գրեթէ ամէն ինչ ու աւերակի վերածելով երկար տարիներէ ի վեր պատրաստուած «Համաս»ի զինեալներու նկուղները։
Ի դէպ այս հրթիռներուն մասին խօսելով դարձեալ ռազմական վերլուծողներ նկատել տուած են, որ այդ տիպի հրթիռները առաջին անգամ օգտագործուած են իրաքեան պատերազմի ընթացքին եւ մեծ արդիւնք գրանցած։
Այս բոլորը նշելէ անդին հարկ է նաեւ հաշուի առնել, որ երկար տարիներու աշխատանքի արդիւնք հանդիսացող նկուղները ունին բազմաթիւ առաւելութիւններ ու ինչպէս շատեր կը կարծեն անոնք իրական ներուժ ունին իսրայէլեան բանակին համար դառնալու իսկական դժոխքներ։
Ու այս բոլորին համար է, որ «Համաս»-ի զինեալներ ամէն անգամ երբ կը խօսին իրենց «հպարտանք»ը եղող նկուղներուն մասին իսրայէլեան բանակին ըսելով «Ահլան ու սահլան Ձեզի, բարի եկած էք դժոխքին մէջ»։