Երէկ երեկոյեան ժամերուն մեծ լարում տեղի ունեցաւ Երեւանի Շէնգաւիթ շրջանի դատարանի բակէն ներս: Այս մասին
«Արեւելք» կը տեղեկանայ հայրենի լրասփիւռներէ:
Աղբիւրները կը նշեն, որ մեծ թիւով բողոքարարներ հաւաքուեցան դատարանի բակը, պահանջելով անյապաղ ազատ արձակել զոհուած զինուորի մայր Գայիանէ Մարտիրոսեանը:
Յիշեցնենք, որ Գայեանէ Մարտիրոսեանի անունը կը կապուի ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որդւոյն՝ Աշոտ Փաշինեանի առեւանգման դէպքին հետ:
Աւելի վաղ տեղեկութիւններ տարածուած էին, ըստ որոնց, Փաշինեանի որդիին առաջարկած են ինքնաշարժ բարձրանալ, ու անկէ ետք տեղի ունեցած է հանրութեան ոչ յայտնի խօսակցութիւն մը, որմէ ետք Փաշինեան ինքզինք դուրս նետած է ինքնաշարժէն:
Իրաւապահ մարմիններ քննութիւն բացած էին եղածին վերաբերեալ, որմէ ետք լսելի դարձաւ Գայիանէ Մարտիրոսեանի անունը, որուն ինքնաշարժով իրականացուած էր Աշոտ Փաշինեանի արեւանգան փորձը: Սակայն մինչեւ այս պահը անյայտ կը մնան գործողութեան իրական նպատակները եւ այդ մասին ցարդ տեղեկութիւններ կը պակսին:
Այսօր կէսօրուան ժամերուն կը սպասուի որ Շէնգաւիթի դատարանը վճիռ հրապարակէ եւ յայտարարէ Գայիանէ Մարտիրոսեանի գործին վերաբերեալ:
![]()