86 տարեկան հասակին Երեւանի իրենց տան մէջ մահկանացուն կնքած է բնիկ պոլսեցի եւ վերջին տարիներուն հայրենադարձած՝ Ռիթա Շուշան Արաքսը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի որդիէն, լրագրող՝ Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսէն:
Մեր հայրենակցուհին երկար տարիներ գործած է Պոլսոյ կրթական ոլորտի մէջ՝ հանդիսանալով ֆրանսերէնի սիրուած եւ փնտռուած ուսուցիչ։
Ան եղած է կողակիցը Պոլսոյ մտաւորական շրջանակներուն մէջ իր ներդդումն ունեցած ազգային գործիչ եւ բժիշկ՝ Հերմոն Արաքսին։
Շնորհիւ իր նուիրական գործունէութեան, տիկին Ռիթան ստացած է Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ «Ակադեմական դափնեկիր» կոչումը, նոյն տարիներուն ալ արժանացած է Թուրքիոյ մէջ «Ֆրանսերէնի դեսպան» կոչումին։
Մեր հայրենակցուհին 2020 թուականին իր եղբօր՝ Նուրհան Ժոզեֆիչին (հանգուցեալ դիւանագէտ) հետ հայրենադարձուած է, նշելով նաեւ, որ այդպիսով կարողացած է իրականացնել իր կեանքի մեծ երազանքը՝ ապրիլ Հայաստանի մէջ։
Հանգուցեալի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուին վաղը ՝ չորեքշաբթի օր առաւօտեան ժամը 11:30-ին Կոնտի Սուրբ Յովհաննէս Եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք ալ անոր մարմինը պիտի ամփոփուի Երեւանի քաղաքային գերեզմանատան մէջ։
Հանգուցեալի կտակին եւ անոր որդւոյն գաղափարով անոր մահուան առթիւ տրամադրուելիք նուիրատւութիւնները պիտի փոխանցուին «Մեր տուն» բարեսիրական կազմակերպութեան։
Այս տխուր առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղենք պոլսահայ լրագրող, մեր թերթի բարեկամ՝ Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսին։