image

Կոմիտասի ոգեկոչումը  Երեւանի  Պանթէոնէն ներս

Կոմիտասի ոգեկոչումը  Երեւանի  Պանթէոնէն ներս

Հայ մեծ երգահան, բանահաւաք Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 155-ամեակին առիթով, օրերս, Երեւանի «Կոմիտաս» զբօսայգիի պանթէոնին մէջ, Վարդապետի յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան եւ խնկարկման արարողութիւն կատարուած է։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

Սեպտեմբեր 26-ին, հայ մեծ երգահան, երգիչ, երաժշտագէտ, վարդապետ եւ ուսուցիչ, բանահաւաք, խմբավար, մանկավարժ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 155-ամեակին առիթով՝ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան եւ բազմաթիւ մտաւորականներ «Կոմիտաս» զբօսայգիի պանթէոնին մէջ ներկայ եղած են Վարդապետի յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան եւ խնկարկման արարողութեան:

«Կոմիտաս լսելը առանձնայատուկ հանգստութիւն է, հնարաւորութիւն՝ սեփական մտքերը կարգի բերելու, խորհելու, նաեւ աւելի պարզ մտածելու բոլոր բարդ հարցերի մասին»,– տեղւոյն վրայ լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով նշած է նախարարուհին։

Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ բացումը կատարուած է «Փարիզեան հանդիպումներ» խորագիրը կրող առժամեայ ցուցահանդէսին, որ  նուիրուած է հայ դաշնակահարուհի, երգչուհի, Կոմիտաս Վարդապետի մտերիմ բարեկամ Մարգարիտ Բաբայեանի ծննդեան 150-ամեակին:

«Ե. Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէնուհի Սիւզաննա Խոջամիրեան բացման արարողութեան իր խօսքին մէջ նշած է, թէ «առանձնապէս հետաքրքրական է Կոմիտաս Վարդապետի եւ Մարգարիտ Բաբայեանի նամակագրութիւնը, որ ամբողջութեամբ պարուրուած է մարդկային ջերմութեամբ»: