Ամերիկահայ ամենայայտնի բարերարներէն մին համարուող՝ Նազար Նազարեան ոչ եւս է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Միացեալ Նահանգներէն։
Յիշեցնենք, որ ազգային աւանդոյթներու պահապան համարուող Նազարեան կը համարուէր ՀԲԸՄ-ի ամենակարողունակ գործիչներէն եւ բարերարներէն մին։
Ան մեծ նպաստ ունեցած է ամերիկահայութեան ու նաեւ կարեւոր աջակցութիւն ցոյց տուած է համազգային նշանակութիւն ունեցող ամենատարբեր կառոյցներու։Նազարեանի կորուստին առթիւ կարճ մահագրութիւն մը ներկայացուցած է անոր պատկանծ ընկերութեան մէջ երկար տարիներ գործունէութիւ ծաւալած, ՌԱԿ-եան գործիչներէն՝ Տիար Նորայր Մկրտիչեան եւ ստորեւ անգլերէնէ թարգմանելով անոր տողերը կը ներկայացնենք մեր ընթերցողաց ուշադրութեան։
Մկրտիչեան մասնաւորապէս կը գրէ ՝
«Խոր ցաւով տեղեկացանք անուանի բարերար Նազար Նազարեանի մահուան մասին, որ ոչ միայն իմ ղեկավարն էր, այլ նաեւ ինծի հետ կը վերաբերէր որպէս իր որդին:
Անոր անմնացորդ նուիրումը հայ համայնքին եւ իր հայրենիքին իսկապէս ոգեշնչող էր: Անոր բարերար ոգին եւ կեանքէն աւելի մեծ ներկայութիւնը խիստ կարօտ պիտի պատճառեն: Այդ որոշակի մխիթարութիւն կը բերէ իմանալով, որ ան այժմ միացած է իր հրեշտակի նման կնոջ՝ Արտեմիսին: Մեր սրտանց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր երեխաներուն եւ թոռներուն այս դժուար պահուն։
Աստուած հոգին լուսաւորէ:»