image
Հրատապ լուրեր:

Գանատան անմիջապէս եւ ուժգին պիտի պատասխանէ, եթէ Միացեալ Նահանգները շարունակէ մաքսատուրքեր սահմանելու սպառնալիքը. Թրիւտօ

Գանատան անմիջապէս եւ ուժգին պիտի պատասխանէ, եթէ Միացեալ Նահանգները շարունակէ մաքսատուրքեր սահմանելու սպառնալիքը. Թրիւտօ

Գանատան անմիջապէս եւ ուժգին պիտի պատասխանէ, եթէ Միացեալ Նահանգները շարունակէ մաքսատուրքեր սահմանելու սպառնալիքը՝ յայտարարած է Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ՝ նախազգուշացնելով գանատացիները, որ դժուար ժամանակներ կը սպասուին:

Թրիւտօ, ելոյթ ունենալով Գանատա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու վերաբերեալ խորհրդատուական խորհուրդի առջեւ, նշած է. «Մենք չենք նահանջեր, եթէ Գանատայի դէմ մաքսատուրքեր սահմանուին։ Մենք չենք հանգստանար, քանի դեռ այդ որոշումը չեղեալ չէ եղած։ Պատասխանի բոլոր հնարաւորութիւնները կը դիտարկուին»:

Աւելի վաղ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ 1 փետրուարէն սկսեալ պատրաստ է 25% լրացուցիչ մաքսատուրքեր սահմանել Մեքսիքայի եւ Գանատայի նկատմամբ՝ որպէս պատասխան այդ երկիրներէն ապօրինի ներգաղթեալներու եւ թմրանիւթերու ներհոսքին։