image

Մեծ բարերարին մահը՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ

  Մեծ բարերարին մահը՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ

 Ամերիկահայ  ամենայայտնի բարերարներէն մին համարուող՝ Նազար Նազարեան ոչ եւս է։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Միացեալ Նահանգներէն։

Յիշեցնենք, որ ազգային աւանդոյթներու պահապան համարուող Նազարեան կը համարուէր ՀԲԸՄ-ի ամենակարողունակ գործիչներէն եւ բարերարներէն մին։

Ան մեծ նպաստ ունեցած է ամերիկահայութեան ու նաեւ կարեւոր աջակցութիւն ցոյց տուած է համազգային նշանակութիւն ունեցող ամենատարբեր կառոյցներու։Նազարեանի կորուստին առթիւ կարճ մահագրութիւն մը ներկայացուցած է անոր պատկանծ ընկերութեան մէջ երկար տարիներ գործունէութիւ ծաւալած, ՌԱԿ-եան գործիչներէն՝ Տիար Նորայր Մկրտիչեան եւ ստորեւ անգլերէնէ թարգմանելով անոր տողերը կը ներկայացնենք մեր ընթերցողաց ուշադրութեան։

Մկրտիչեան մասնաւորապէս կը գրէ ՝

«Խոր ցաւով տեղեկացանք անուանի բարերար Նազար Նազարեանի մահուան մասին, որ ոչ միայն իմ ղեկավարն էր, այլ նաեւ ինծի հետ կը վերաբերէր որպէս իր որդին:

Անոր անմնացորդ նուիրումը հայ համայնքին եւ իր հայրենիքին իսկապէս ոգեշնչող էր: Անոր բարերար ոգին եւ կեանքէն աւելի մեծ ներկայութիւնը խիստ կարօտ պիտի պատճառեն: Այդ որոշակի մխիթարութիւն կը բերէ իմանալով, որ ան այժմ միացած է իր հրեշտակի նման կնոջ՝ Արտեմիսին: Մեր սրտանց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր երեխաներուն եւ թոռներուն այս դժուար պահուն։

Աստուած հոգին լուսաւորէ:»