Թուրքիոյ դատարանը կրկին մերժած է ազատ արձակել յայտնի իրաւապաշտպան, գործարար, Anadolu kultur Հասարակական Կազմակերպութեան ղեկավար՝ Օսման Քաւալայը։
Milliyet–ի հաղորդմամբ՝ Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու գործերով 13–րդ դատարանէն ներս քննուած է Օսման Քաւալային ազատ արձակելու միջնորդութիւնը, սակայն դատարանը կրկին զայն մերժած է։
Օսման Քաւալան կը մեղադրուի քանի մը յօդուածներով, անոնց կարգին լրտեսութեան, յեղաշրջման փորձի կազմակերպիչներուն աջակցութիւն եւ այլն։