Ըստ երեւոյթին այո՛, Թուրքիոյ «էյի բարդի» կուսակցութեան նախագահ՝ Մէրալ Աքշէներ «ներսէն» պայթեցուց այդ երկրի գլխաւոր ընդդիմութիւնը։ Ան հրաժարելով «Վեցոտնեայ սեղան» անունով յայտնի դաշինքէն անորոշութեան նոր փուլի մը ազդանշանը տուաւ։
Թէ ի՞նչ հունով պիտի ընթանան զարգացումները դժուար է կանխատեսել, սակայն պարզորոշ կերպով երեւելի կը դառնայ, որ այս «պայթում»էն ետք մենք ականատես պիտի ըլլանք բոլորովին նոր քաղաքական դրութեան, որմէ հիմնական օգտուողը պիտի դառնայ Թուրքիոյ գործող նախագահ ՝ Ռ. Թ. Էրտողանը։
Ամէն պարագայի եւ մինչեւ Մերալ Աքշէների «Վեցոտնեայ սեղան»էն հրաժարականը տալը կարեւոր զարգացումներ կը կատարուէին Թուրքիոյ մէջ։
Փորձելով այդ զարգացումները հակիրճ կերպով մը տալ նշեմ, որ մինչ այս բոլորը
թրքական տարբեր աղբիւրներ «կը հաստատէին» այն որ CHP-ի առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարողլուն Թուրքիոյ հիմնական ընդդիմութեան նախագահական թեկնածուն է աւելի ուշ պարզ կը դառնար, որ հանրութիւնը կանգնած է բոլորովին նոր պատկերի մը առաջ։
Խնդիրն այն էր, որ ընդդիմութեան ներքին խոհանոցին մէջ տեղի կ՚ունենային կարեւորագոյն խմորումներ, որոնց հիմամբ ընդդիմութեան մէկ թեւը (Նախկին «Գորշ գայլ»-ական Մէրալ Աքչենարի գլխաւորութեամբ) շատ մեծ ճիգեր կը գործադրէ, որպէսզի CHP-ի մէկ այլ կարեւոր գործիչ եւ Իսթանպուլի քաղաքապետ՝ Էքրամ Իմամօղլուի դառնայ այդ մրցավազքի գլխաւոր թեկնածուն։
Մեծ գրաւը այդ կէտին վրայ էր եւ խմորումները հասած էին ուղղակի Էրտողանի դուռը, քանի շատ կարեւոր էր, որ Իմամօղլուի անձին դէմ առկայ դատական գործերը կարճուին։ Միւս կողմէ նաեւ կարեւոր առիթ ունէր «Լաւ» («Էյի բարդթի») կուսակցութեան մէկ այլ կարեւոր դէմ համարուող եւ Անգարայի քաղաքապետ Մանսուր Եավաշը, որ սակայն կրնայ դէմ հանդիման դառնալ քիւրտերու «մեծ ոչ»ին նկատի ունենալով վերջինիս քաղաքական անցեալը։
Այս բոլորէն անդին կը սպասուէր , որ ըննդիմութեան «վեցեակ»ը երկուշաբթի օր ժողով պիտի գումարէ ու վերջնականապէս վճռէ իր թեկնածուին անունը։
Ըսեմ նաեւ, որ հաշուի առնելով երէկ եղած կարգ մը նշումները յայտնի սկսած է դառնալ,որ Քեմալ Քըլչտարողլուին (մեր փափաքներէն կամ ենթադրութիւններէն անդին) այսօրուայ կտրուածքով Թուրքիոյ ամենամեծ ռէյթինկ ունեցող թեկնածուն է։ Նորէն կը շեշտեմ, որ այդ մասին կը խօսին եղած (մանաւանդ երկրաշարժէն յետոյ) հարցազխոյզները ցոյց կու տան, որ ան ամէնէն առաջատար գործիչն է։
Ամէն պարագայի պէտք է սպասենք յառաջիկայ զարգացումներուն ու նաեւ հաշուի առնենք, որ Էրտողանի գործը շատ բարդ պիտի ըլլայ, եթէ Քլըչտարօղլուն փորձէ ճանապարհ մը բանալ եւ հասկացողութեան հասնիլ ընդդիմութեան միանան HDP-ին (Քրտամէտ) հետ։
Խօսելով իշխանութեան ընդհանուր վիճակին մասին այստեղ հարկ կը համարենք նշել, որ հակառակ ընդդիմութեան ներկայ ձեւաչափի փլուզման եւ պահելու համար իր դիրքերը Էրտողան կտրուկ քայլեր առնելու ընտրանքին առջեւ է մանաւանդ Անգարա- Ուաշինկթըն գիծին վրայ ի հեճուկս յոգնութեան նշաններ ցոյց տուող Մոսկուային։
Լիբանանցի փրկարարներու խումբ մը դէպի Հալէպ։ «Սանա» գործակալութիւնէն կը կարդանք, որ Լիբանանի «Անութ» գաւառէն օժանդակողներու խմբակ մը մեկնած է Հալէպ քաղաք։ Կը նշուի, որ Թուրքիան հարուածած երկրաշարժէն ետք այս առաջին խմբակը չէ, որ Հալէպ պիտի հասնի։ Մինչ հայաբնակ քաղաքին մէջ գերխնդիր կը շարունակէ մնալ կիսափուլ եղած շէնքերուն եւ անոր բնակիչներուն տուն-տեղ տրամադրելու հարցը։
Թուրքիա. Ընդդիմութեան «Վեցոտն սեղան»ի անդամները երկուշաբթի օր վճռական ժողով մը պիտի կայացնեն։ Լրատուական աղբիւրներ, որ այս մասին լուր կը հաղորդեն կը նշեն նաեւ, որ Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեանց ընդդիմութեան թեկնածուն պիտի դառնար ԺՀԿ-ի առաջնորդ Քեմալ Քլըչտարօղլուն, սակայն այդ մէկը այս զարգացումներէն ետք կրնայ պատահիլ բոլորովին այլ պրիսմակի ներքոյ։
Սագօ Արեան