Կիրակի Թուրքիոյ հիւսիս-արեւմուտքը, տեղական ժամանակով ժամը 20:00-ին տեղի ունեցած է 6,1 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ: Կեդրոնական գօտին Պալիքեսիր նահանգի Սինտիրկի շրջանը եղած է: Շարք մը շէնքեր աւերուած են, տասնեակներ՝ վնասուած, հաղորդած է Euronews-ը:
Ըստ իշխանութիւններու ներկայացուցած վերջին տեղեկութիւններուն՝ քանի մը մարդ տուժած է, 80-ամեայ կին մը մահացած է, անոր դուրս բերած են փլատակներէն: Ցնցումներ գրանցուած են նաեւ միւս քաղաքներուն մէջ, այդ շարքին՝ Իզմիրի եւ Իսթանպուլի մէջ, ուր շատ բնակիչներ լքած են իրենց տուները եւ հաւաքուած այգիներու եւ բաց տարածքներու մէջ:
Թուրքիոյ աղէտներու կառավարման վարչութիւնը յայտնած է, որ երկրաշարժէն ետք գրանցուած է երկու տասնեակ յետցնցում, որոնցմէ 5-ը եղած են 4 աստիճանէն աւելի: