image

«Մեր պատասխանը Ուքրանիոյ պիտի չուշանայ». Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց

«Մեր պատասխանը Ուքրանիոյ պիտի չուշանայ». Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց

Ռուսիոյ շրջաններու խաղաղ բնակչութեան ուղղութեամբ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու հարուածներուն Ռուսիոյ Զինուած ուժերու կոշտ պատասխանը պիտի չուշանայ:

Այս մասին օգոստոս 11-ին յայտարարած է Ռուսիոյ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

«Քիեւի ռեժիմը կը շարունակէ ահաբեկել Ռուսիոյ խաղաղ բնակչութիւնը։ Շատ լաւ կը հասկնան, որ այդ բարբարոսական գործողութիւնները ռազմական տեսանկիւնէ ոչ մէկ իմաստ ունին, բայց կը շարունակեն մշակել իրենց տէրերու տուած առաջադրանքները։

Կասկած չկայ, որ այդ յանցագործութիւններու կազմակերպիչներն ու կատարողները, ներառեալ անոնց արտասահմանեան համադրողները, պատասխանատւութիւն կը կրեն ատոնց համար։ Ռուսիոյ Զինուած ուժերու կոշտ պատասխանը պիտի չուշանայ. հերթական անգամ կոչ կ՚ընենք միջազգային կազմակերպութիւններուն հանդէս գալու ուքրանացի զինեալներու ահաբեկչական յարձակումները դատապարտող յայտարարութեամբ»,-ըսած է Զախարովան։