image

Մեր «պաշարուած» հայրենակիցներուն թէյ եւ քաղցրաւենիք տարուած է (Տեսանիւթ)

Մեր «պաշարուած» հայրենակիցներուն թէյ եւ քաղցրաւենիք տարուած է (Տեսանիւթ)

Ոստիկանութեան աշխատակիցները կազմակերպած են ատրպէյճանցիներու՝ Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղին փակելու հետեւանքով ճանապարհին մնացած մեքենաներու մէկ մասի վերադարձը Ստեփանակերտ: Այս մասին ըսուած է Արցախի Հանրային հեռուստաընկերութեան տեսանիւթին մէջ:

«Թեթեւ մարդատար մեքենաներ են եղել, որոնց մէջ եղել կանայք եւ երեխաներ: Բոլորի անվտանգութիւնն ապահովուած է, հիմա էլ իրականացնում ենք պարեկային ծառայութիւն»,- ըսած է Ճանապարհային ոստիկանութեան մայոր Լեւոն Սոչիեանը:

Անտրէյ Պեջանովը ճանապարհին մնացած առեւտրականներէն մէկն է: Արցախէն Հայաստան 4 թոն արքայանարինջ կը տեղափոխէր, հիմա անորոշութեան մէջ է, չի գիտեր՝ ինչ ընել:

Խումբ մը երիտասարդներ ալ ճանապարհին մնացած մարդոց քաղցրաւենիքներ բերած են, թէյ կը հիւրասիրեն:

«Մեր արածը լաւ չէ, նորմալ է: Մենք սա պէտք է անենք, որ հակառակորդը հասկանայ՝ այս ժողովրդին հնարաւոր չէ կոտրել: Սա այն է, ինչ այս պահին կարող ենք անել, եթէ հրամանը տան աւելին անելու, կ'անենք աւելին»,-ըսած է Ազատ Ադամեանը:

 

Մանրամասները՝ տեսանիւթին մէջ: