image

«Մենք հող յանձնող չենք»․ Ընդհանուր սպայակոյտի պետ

«Մենք հող յանձնող չենք»․ Ընդհանուր սպայակոյտի պետ

Զինուած ուժերու Ընդհանուր սպայակոյտի պետ Էդուարդ Ասրեանը՝ արձագանգելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ չորս ոչ անկլաւային գիւղերը Ատրպէյճանին յանձնելու յայտարարութեան, ըսած է՝ «մենք հող յանձնող չենք»։

Ինչ կը վերաբերի յայտարարութեան, որ եթէ հողերը չյանձնենք, պատերազմ կ՚ըլլայ, Ասրեանը լրագրողներու հետ զրոյցին նշած է․ «Պատերազմը կարող է լինել մէկ ժամ յետոյ, երկու ժամ յետոյ, երեք ժամ յետոյ, մէկ տարի յետոյ, երկու տարի յետոյ, հինգ տարի յետոյ»։