Լիբանանի երկար տարիներու պաշտպանութեան նախկին նախարար, յայտնի քաղաքական գործիչ Եաքուպ Սարրաֆը ֆեյսպուքեան իր էջին գրած է.
«Վճռականօրէն կը դատապարտեմ 12 յուլիսին Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէն Հայաստանի դէմ իրականացուած ռազմական յարձակումը։ Շատ մտահոգիչ է, որ այդ ռազմական գործողութիւններուն նաեւ ուղեկցած են Հայաստանի աթոմային ելեկտրակայանը հրթիռակոծելու սպառնալիքներ։ Նման միջուկային սպառնալիքներն անպատասխանատու են եւ, միանշանակ, պէտք է դատապարտուին միջազգային հանրութեան կողմէ։
Պատահական չէ, որ Ատրպէյճանին աջակցած եւ այդ անպատասխանատու գործողութիւններուն դրդած միակ երկիրը Թուրքիան էր։ Թուրքիոյ ապակայունացնող դերը իր շարք մը հարեւան տարածաշրջաններուն մէջ կը վկայէ այդ երկրի չհիմնաւորուած թշնամական վերաբերմունքին մասին Հիւսիսային Ափրիկէէն մինչեւ Մերձաւոր Արեւելք, Հարաւային Կովկասէն մինչեւ Արեւելեան Միջերկրականի խաղաղ ժողովուրդներու նկատմամբ։
Մենք դարեր շարունակ կը ճանչնանք Հայաստանը եւ հայերը, գիտենք անոնց քաղաքակրթական դերը Միջին Արեւելքի պատմութեան մէջ, մենք անոնց կը ճանչնանք որպէս Լիբանանի նուիրուած քաղաքացիներ, որոնք ունին ազգային եւ տարածաշրջանային ինքնութեան եւ պատկանելիութեան զօրաւոր զգացում: Գիտենք անվտանգութեան նկատմամբ անոնց զգայուն վերաբերմունքի մասին եւ ականատես եղած ենք իրենց ազգային օրակարգին սպառնացող բոլոր վտանգներուն եւ մարտահրաւէրներուն յաղթահարման գործին մէջ անոնց միասնականութեան։ Մենք անոնց կողքին ենք»։