image

Մենք հաւատարիմ կը մնանք Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ ապագայի խթանման. Փաթել Ուաշինկթընեան բանակցութիւններու մասին

Մենք հաւատարիմ կը մնանք Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ ապագայի խթանման. Փաթել Ուաշինկթընեան բանակցութիւններու մասին

իացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի փոխխօսնակ Վետանթ Փաթել ճեպազրոյցին անդրադարձած է իացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ ընթացող հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն, որոնց ընթացքին երկրները կը ներկայացնեն արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Ճէյհուն Պայրամովը:

«Ես ձեզի համար թարմացումներ չունիմ: Մենք հաւատարիմ կը մնանք այս գործընթացին եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ ապագայի խթանման: Մենք կը կարծենք, որ ուղղակի երկխօսութիւնը առանցքային է խնդիրներու լուծման համար, բայց ես պարզապէս չեմ ուզեր առաջ իյնալ հանդիպումներէն»,-ըսած է Փաթել՝ հրաժարելով որեւէ մանրամասնութիւն ներկայացնել։

Ան աւելցուցած է, որ փակ դռներու ետին ընթացող բանակցութիւններուն իացեալ Նահանգներու կողմէ կը մասնակցին շարք մը պաշտօնեաներ, որոնք խորապէս ներգրաւուած են գործընթացին մէջ: