image

«Մենք երկխօսութեան կողմնակից ենք».Խորհրդարանի անդամ՝Յակոբ Բագրատունի զգուշացուց ներքին խլրտումներէ

  «Մենք երկխօսութեան կողմնակից ենք».Խորհրդարանի անդամ՝Յակոբ Բագրատունի  զգուշացուց ներքին խլրտումներէ

ՀՅԴ  Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, խորհրդարանի անդամ ՝ Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի նախագահ՝ զօր. Պաապտայի պալատին մէջ Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աունի հետ հանդիպում մը ունենալէ լրագրողներուն խօսելով մասնաւորապէս ըսած է,- «Եթէ ստանանք երկխօսութեան հրաւէրը, մենք կ'ընդունինք ու կ'աշխատինք յաջողցնել զայն»: 

Բագրատունի նաեւ նշած է,- «Անցեալի փորձը մեզի սորվեցուցած է, որ խնդիրը լուծելու միակ ճանապարհը երկխօսութիւնն է, եւ մենք միշտ եղած ենք եւ կը մնանք անոր ջատագովները ու կ'աջակցինք անոր ինչ ձեւի տակ որ ըլլայ այն:Այսօր կ'ապրինք աղէտալի օրեր, եւ կը գտնուինք անդունդի յատակը: Կը դիմենք արտասահմանին, որպէսզի մեզի օգնեն եւ լուծումներ գտնեն: Պէտք է մենք նստինք իրար հետ, քննարկենք ու բանավիճինք հեռու հռետորաբանութենէ ու ընտրական շահարկումներէ».- աւելցուցած է Բագրատունի:

Յակոբ Բագատունի զգուշացնելով ներքին խռովութիւններէն ըսած է,-. «Խուսափելու համար որեւէ տարաձայնութենէ կամ ընդհարումէ, պէտք է միասին նստինք։ Ժամանակ չունինք սպասելու մինչեւ խորհրդարանական ընտրութիւնները։ Քաղաքացին կը տառապի սովէն, իսկ աղքատութիւնը արդէն հասած է Լիբանանի խաւերու մեծամասնութեան։ Աղքատութիւնը, անարդարութիւնը եւ բռնութիւնը մեզ կը հասցնեն հոն, ուր երբեք չենք ուզեր հասնիլ»: 

Բագատունի ի վերջոյ յիշեցուցած է.- «Մենք փորձեցինք պատերազմը 1975-ին, եւ ստիպողաբար «Թաէֆ»ի համաձայնագիրը կնքեցինք: Մայիս 7-էն առաջ զգուշացուցած էինք, որ կը սպասուի խռովութիւն, բայց եղաւ Մայիս 7-ն եւ ստիպուած կնքեցինք Տոհայի համաձայնագիրը»։ 

Յիշեցնենք, որ Բագրատունի այսօր մասնակից դարձած էր Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աունի կողմէ քաղաքական տիրական ուժերուն ուղղուած եւ ազգային երկխօսութեան սեղան մը կայացնելու խորհրդակցական հանդիպումին։