image
Հրատապ լուրեր:

Մենք աչք չունինք Հայաստանի հողերուն վրայ. Չաւուշօղլու

Մենք աչք չունինք Հայաստանի հողերուն վրայ. Չաւուշօղլու

7 Դեկտեմբերին, Թուրքիոյ Միջերկրածովեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցած է Միջազգային համալսարաններու խորհուրդի կազմակերպած Արեւելեան Միջերկրականի workshop-ը, որուն մասնակցած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ermenihaber»-ը:

Ան անդրադարձած է տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն եւ չլուծուած խնդիրներուն: Չաւուշօղլուի դիտարկումով՝ տարածաշրջանային բոլոր խնդիրներուն հիմնական պատճառը կիսել չիմանալն է եւ կիսելու փոխարէն ամբողջը վերցնելու փորձը:

«Նայեցէ՛ք Կովկասին: Կովկասի կայունութենէն եւ տնտեսական զարգացումէն օգտուելու փոխարէն Հայաստանի պատճառով, որ կ՝ուզէր շարունակել Ատրպէյճանի տարածքներու գրաւումը, ինչպէս նաեւ միջազգային համակարգի պատճառով, որ կողմ չէր դիւանագիտական ճանապարհով լուծման, խնդիրը շարունակուեցաւ շուրջ 30 տարի»,- ըսած է ան:

Չաւուշօղլուն, այնուհետեւ, անդրադառնալով Թուրքիոյ «բազմակի քաղաքականութեան եւ բոլոր ուղիներով խնդիրներու լուծման հնարաւորութիւններուն», ըսած է.

«Այնպիսի ընկալում չունինք, թե Լիպիոյ հարցով ռազմադաշտի վրայ եւ բանակցային սեղանին շուրջ հզօր ենք: Արեւելեան Միջերկրականի մէջ հզօր ենք եւ ամբողջը մենք կ՝ուզենք: Հայաստանի հողերուն վրայ աչք չունինք: Հիմա ալ կ՝ըսենք, որ այս կարգաւորումը պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի օգտին: Այդ իսկ պատճառով, մենք կողմ ենք արդար բաժանման (կիսելուն): Մենք ուժեղ ենք թէ՛ բարոյապէս եւ թէ՛ իրաւական առումով եւ մեր այդ ուժը յառաջիկայ գործընթացին մէջ պիտի շարունակենք կիրառելու յօգուտ բոլորի»: