Ատրպէյճանի եւ Պելառուսիոյ ռազմաօդային ուժերու հրամանատարները բանակցութիւններ վարած են Պաքուի մէջ։ Նամիք Իսլամզատէն եւ Անտրէյ Լուքեանովիչը քննարկած են պելառուսա-ատրպէյճանական ռազմական համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները եւ ատոր զարգացման ծրագրերը։ Այս մասին յայտնած է «Սփութնիք» գործակալութեան ատրպէյճանական ծառայութիւնը:
Նշենք, որ նախօրէին Մինսքի մէջ տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի եւ Պելառուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւններու ղեկավարներու հանդիպումը։
Զաքիր Հասանովը եւ Վիքթոր Խրենինը քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր, ռազմական համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներ եւ այլն։
Այցի ընթացքին Հասանովը այցելած է նաեւ Պելառուսիոյ զինուած ուժերու ռազմական ակադեմիայի ընդահնուր սպայակոյտի բաժինը։