image

Մելգոնեան բարերարներու տօնը. Մելգոնեան կրթական հաստատութեան 100-ամեակին ընդառաջ

Մելգոնեան բարերարներու տօնը. Մելգոնեան կրթական հաստատութեան 100-ամեակին ընդառաջ

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն (այսուհետեւ՝ ՄԿՀ, Կիպրոս) յաճախած իւրաքանչիւր սան-սանուհիի համար առանձին խորհուրդ ունի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնը։ Այդ օրը հայ համայնքներէ ներս արմատներուն առաւել ամրութեամբ կառչած  հայ աւանդական ընտանիքներու մէջ տօնն է Մկրտիչներու, Կարապետներու, Յովհաննէսներու (Ճոն), իսկ մելգոնեանցիներուն համար՝ ԱՆՄԱՀ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեան եղբայրներու։

Սերունդներ յաջորդաբար այդ օրը կը մասնակցէին Սրբազան Պատարագին եւ հոգեպարար արարողութիւն կը կատարուէր եղբայրներու սրբալոյս դամբանին շուրջ։

Եւ այսպէս՝ 15 Յունուար 2023-ին, Քալիֆորնիայի Փասատինա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հոգեհանգիստ, որուն յաջորդեց աւանդական հոգեճաշը։ Մեր խորհրդածութիւնները այս առթիւ պիտի փափաքէինք յանձնել ոչ միայն բոլոր Մելգոնեանցիներուն, այլ բոլոր այն հայերուն, որոնք ունին միտք եւ խիղճ, «պճեղ մը անոյշ սիրտ», կաթիլ մը հայու արիւն եւ պատառիկ մը արժանապատւութիւն։

Շատեր գիտեն թէ 2005-ին անըմբռնելի որոշումով, իսկ ես պիտի ըսէի անլուրջ ու կամայական հրամանով մը փակուեցան Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան դուռերը։ Հասցուած էր այնպիսի հարուած մը, որուն խարանը զգաց իւրաքանչիւր Մելգոնեանցի եւ անոր բարեկամ ու հարազատ հայ մը։ Նոյնիսկ ոչ հայեր՝ կիպրացի յոյն եւ անգլիացի մարդիկ մինչեւ օրս ափսոսանքով կ՚արտայայտուին այս կաղնիին տապալումին առթիւ։ Ի հարկէ միակ հրճուողը թուրքն է, որուն հացին իւղ քսուեցաւ, որովհետեւե հայակերտման դարբնոց մըն ալ հեռացաւ իր սահմաններէն, որոնք Պատմական Հայրենիքի մեր սահմաններն են...։

Մենք տակաւին պիտի անդրադառնանք ՄԿՀ փակելու անհեռատես եւ ոչ-ՀԲԸՄ-ական որոշումին՝ առանց խնայելու փաստերը։

Ուրախալին այն էր որ Բարերարներու օրուայ հրաւիրեալներու ներկայութիւնը ցոյց կու տար Մելգոնեացի տարբեր սերունդներու սրտցաւութիւնը, զիրար գտնելու եւ իրարմով լիանալու պահանջքը, չէ՞ որ անոնք իրենց կեանքի ամէնէն բախտորոշ շրջանը անցուցած էին նոյն յարկի տակ, զոյգ շէնքերու, Բարերարներու Դամբանի, զոյգ անտառներու, բարձրահասակ ջրամբարի, թէկուզ քարքարոտ բայց նոյն ֆութպոլի դաշտին մէջ։ Չէ՞ որ անոնք այդ շրջաբակի Նվենիներու (եւկալիպտուս) ստուերներուն տակ շշնջացած էին իրենց սրտի առաջին բաբախումները եւ թողուցած էին իրենց անուններուն սկզբնատառերը...

ՄԿՀ լոկ դպրոց մը չէր եղած, միայն կրթարան մը չէր, այլ կղզեակ մըն էր սիրոյ աստուածուհիի կղզիին մէջ, տաճար մըն էր բառիս ամէնէն լայն ընդգրկումով եւ սակայն, հեռաւոր Նիւ-Եորքի ինչ որ երկնաքեր շէնքի մը գրասենեակներուն մէջ կրթութենէ բաւական հեռու կեցած մարդիկ շուտիկօրէն որոշում կ՚առնէին փակել՝ տեսակ-տեսակ անհեթեթ ու անհամոզիչ պատճառաբանութիւններ մոգոնելով (հնարելով)։

15 Յունուարի այս տօնակատարութեան ներկայ էր ՄԿՀ, չէր գոցուած ան, տակաւին ապրող յուշ էր, թէկուզ մշուշի մէջ։ Ամբողջ սրահը կը բուրէր ՄԿՀ-ով։ Հոն էին երանաշնորհ ուսուցիչները, տաղանդաւոր մարզիկները, օտար վարժարաններու հետ մրցումներէն յաղթական վերադարձող տղաքն ու աղջիկները... Մենք չզգազինք թէ մեր հաստատութենէն հազարաւոր մղոններ անդին կը գտնուէինք եւ այս էր մեր յաղթանակը, զոր պէտք է վերածել ՆՈՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐՈՒ։

Մեգլոնեանցին գիտէ իր ստացածին դիմաց տալ եւ աւելի՛ն տալ։ Եւ այսպէս Սանուցի ատենապետ Ռաֆֆի Ցնծալեան իր բացման խօսքին մէջ կարճ զեկուցում մը տուաւ անցնող շրջանի գործունէութեան մասին, յիշելով նաեւ կարգ մը երախտագէտ Մելգոնեանցիներու կատարած բարեսիրական գործերը՝ տեւականացնելու համար Մելգոնեան Բարերարներու թողած աւանդը: Ապա անոր հրաւէրով իրարու ետեւէ բարձրախօսին մօտեցան Պրն. Գէորգ Յակոբեան, որ յիշեց մեզմէ յաւէտ հեռացած արժանաւոր Մելգոնեանցիները, ի մասնաւորի նշելով նորոգ հանգուցեալ Փոլ Քուշարեանի կատարած նուիրեալ աշխատանքները ի խնդիր Մելգոնեանի գոյատեւման ու յառաջդիմութեան՝ Սանուցի հիմնադիր անդամի եւ ատենապետի իր հագամանքով: 

Երկարամեայ տնօրէն Պրն. Վարդգէս Գուրույեան հանգամանօրէն զեկուցեց իր եւ կնոջ Ալիսի ջանքերով կատարած նուիրաբաշխումի երախտաշատ աշխատանքներուն մասին՝ Վանաձորի մէջ։

Օրուան աստղերն էին Տէր եւ Տիկ. Ասպետ եւ Այդա Փողարեանները, մին՝ Եթովպիայէն, միւսը՝ Իրանէն, հանդիպեր էին ՄԿՀ-ի պարարտ հողի վրայ, կազմեր էին տիպար ընտանիք, հայեցի ջերմ բոյն եւ քանի մը տարի առաջ արեան ձայնը, ես պիտի ըսէի՝ Բարերարներու ձայնը, զանոնք տարեր էր հիւսիսային Հայաստանի ԳՕՇ գիւղը։

-Առաջին իսկ այցելութենէն մենք սիրահարեցանք այս գիւղին եւ անոր բնակիչներուն,- ըսին անոնք իրենց ելոյթին մէջ,- եւ որոշեցինք կեանքի նպատակ դարձնել Գօշը զարգացնելը, ոտքի կեցնելը, որովհետեւ ամէն ինչ կայ հոս՝ անտառ, լիճ, լեռներ, Ալպիական բնութիւն, զարգանալու եւ առաջ երթալու բուռն ցանկութիւն։

Այնուհետեւ Տէր եւ Տիկ Փողարեանները լուսապատկերներու ցուցադրութեամբ ներկայացուցին ամբողջովին վերափոխուած գիւղը, դպրոցականները, գիւղական ակումբը։ Ժպիտ կայ աշակերտներուն դէմքին վրայ, երգ ու ծիծաղ, բարձրագոյն ուսում ստանալու բուռն ցանկութիւն եւ ամէնէն կարեւորը՝ վերադարձ գիւղ, հայրենի բնութիւն եւ կերտելու նոր ապագայ։ Իմացանք նաեւ թէ հիմնովին նորոգուած ակումբը կոչուած է Գրիգոր եւ Կարապետ աղա Մելգոնեան եղբայրներու անունով։ Ի հարկէ Փողարեանները առանձինն չէին կրնար գլուխ հանել այս վերափոխութիւնը եւ Գօշի նոր վերածնունդը, եթէ իրենց շուրջ չհաւաքուէին ու «ձեռք ձեռքի տալով քոյր եղբար կաթոգին» չօգնէին Մելգոնեանցի դասընկերները եւ անշուշտ նոր շունչ ու ոգի ստացած գօշեցիներու համայնքը։

Ահաւասիկ ա՛յս է, զոր մենք կը կոչենք Մելգոնեանցիի ոգի, դաստիարակութիւն եւ յանձնառութիւն։

Քանի՜ քանի Փողարեաններ եւ ընկերներ պիտի հասցնէր ՄԿՀ-ն 2005-էն ասդին, եթէ կամայական ու անհեթեթ որոշումով մը չառնուէր։

Կը մօտենայ այս փառապանծ հաստատութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Նախ՝ Մելգոնեանցիին հոգսը պէտք է ըլլայ իր դպրոցը վերաբանալու խնդիրը, ապա մեր ազգային կազմակերպութիւնները, մշակութային միութիւններն ու յատկապէս Հայաստանեայց եկեղեցին եւ մեր քոյր եկեղեցիները վճռակամ որոշում պէտք է ընդունին փրկել համայն հայութեան պէտքերուն հասած այս հաստատութիւնը։

 

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան