image

Մայր Եւտոքսիա Քէշիշեանի կորուստը՝ Պէյրութի մէջ

Մայր Եւտոքսիա Քէշիշեանի կորուստը՝ Պէյրութի մէջ

Օրերս Պէյրութի մէջ  յառաջացեալ տարիքին իր մահկանացուն կնքած է Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ «Անարատ յղութեան միաբանութեան» վաստակաշատ  միանձնուհիներէն՝ Առաքինազարդ Մայր Եւտոքսիա Քէշիշեանը։

Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Պէյրութի իր աղբիւրներէն։

Ստորեւ մեր ընթերցող հասարակութեան կը ներկայացնենք այդ առթիւ  «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութեան ներկայացուցած մահագրականը։

Ուրբաթ` 27 սեպտեմբեր 2024ին յետ երկարատեւ հիւանդութեան Լիբանանի մէջ իր հոգին աւանդեց առ Հայր` Մայր Եւտոքսիա Քէշիշեան` վաստակաւոր Մեծաւոր Մայր Անարատ Յղութեան Միաբանութեան լուրը կը հաղորդեն Անարատ Յղութեան Միաբանութեան մեծաւոր Մայր` մայր Արուսեակ Սաճոնեան ու միաբանակից քոյրերը ինչպէս նաեւ Քէշիշեան ընտանիքը ու հանգուցեալին հարազատ ընտանեկան պարագաները։

Յուղարկաւորութիւնը նախատեսուած է 27 սեպտեմբերի յետմիջօրէի ժամը երեքին Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու միաբանութեան Զմմառու «Նախախնամութեան Տան» վանքի մատրան մէջ որմէ ետքը հանգուցեալին մարմինը պիտի ամփոփուի Միաբանութեան գերեզմանատան մէջ։

Այս տխուր առթիւ մեր վշտակցութիւնները կը  փոխանցենք նուիրեալ Մօր հարազատներուն եւ կը յիշատակենք յատկապէս Պէյրութի հայահոծ Պուրճ Համուտ թաղամասի  հայ կաթողիկէ  ժողովրդապետ՝Հ. Սահակ  վրդ. Քէշիշեանը։