6 Յունիսին, բարձր նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն ներս իր քառօրեայ աշխատանքը պիտի սկսի Եկեղեցական-ներկայացուցչական վեցերորդ ժողովը:
Ժողովին պիտի մասնակցին շուրջ 150 պատգամաւորներ` Հայ Եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդները, առաջնորդական տեղապահները, Մայր Աթոռի եւ Նուիրապետական Աթոռներու մէջ պաշտօնավարող եպիսկոպոսները, Հայրապետական պատուիրակները, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամները, Նուիրապետական Աթոռներէն, Հայրապետական պատուիրակութիւններէն ու աշխարհասփիւռ թեմերէն ընտրուած ներկայացուցիչներ: