Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ կատարուած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբաններու նոր նշանակումներ:
Հոգեշնորհ Տ. Սիփան վարդապետ Գեւորգեանը, ազատուելով Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդաց Միաւորման (ՀԵՀԵՄ) հոգեւոր պատասխանատուի պարտականութիւններէն, ծառայութեան կոչուած է Սսպանիոյ հայոց համայնքէն ներս՝ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակի իշխանութեան ներքոյ:
Հոգեշնորհ Տ. Զաւէն վարդապետ Եազիչեանն ազատուած է Մեանմարի, Սինկափուրի եւ Տաքքայի հոգեւոր հովիւի պարտականութիւններէն եւ իր հոգեւոր ծառայութիւնը կը շարունակի որպէս Մայր Աթոռի լուսարարապետի օգնական:
Դիւանատան hասարակական կառոյցներու հետ յարաբերութիւններու գրասենեակի տնօրէն Հոգեշնորհ Տ. Վազգէն աբեղայ Պետրոսեանը, ազատուելով իր պարտականութիւններէն, մեկնած է Գերմանիա ուսումնառութիւնը շարունակելու նպատակով: