Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի տնօրինութեամբ կատարուած են նոր նշանակումներ։
Այսպէս, Տ. Գէորգ Աբեղայ Հայրապետեան՝ ազատուելով Սուրբ Աթոռի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» մատենադարանի տեսուչի պաշտօնէն, նշանակուած է Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Ընծայարանի տեսուչ: Իսկ Տ. Ներսեհ Աբեղայ Ալոյեան նշանակուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» մատենադարանի նոր տեսուչ: