Բարեկամ եւ հարեւան երկիրներու յարգարժան առաջնորդներ, փորձեցինք խուսափիլ պատերազմէն ձեր օգնութեամբ եւ դիւանագիտութեան միջոցով, սակայն ռազմական յարձակումը այլ ելք չթողեց, քան պաշտպանուիլը։ Այս մասին գրած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը։
«Մենք կը յարգենք ձեր ինքնիշխանութիւնը եւ դեռ կը հաւատանք, որ տարածաշրջանային խաղաղութիւնը պէտք է ապահովեն տարածաշրջանի երկիրները»,-գրած է ան: