image

Մարդու պակաս կայ, ղեկավարի պակաս կայ․ Արամ Ա.

Մարդու պակաս կայ, ղեկավարի պակաս կայ․ Արամ Ա.

Այսօր մարդու պակաս կայ, ղեկավարի պակաս կայ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի հրապարակած տեսանիւթին մէջ այս մասին ըսած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսը։

«Այսօր մենք կարիք ունինք այնպիսի մարդու, այնպիսի ղեկավարի, այնպիսի առաջնորդներու՝ հոգեւոր թէ ազգային, որոնք իրենց ծառայութեամբ, իրենց նուիրումով մեր ժողովուրդի կեանքին նոր շունչ կու տան, նոր արիւն կը ներկակեն մեր կեանքին, եւ մեր ժողովուրդը կ'առաջնորդեն ճիշդ ուղղութեամբ»,-նշած է Արամ Ա-ն իր քարոզին մէջ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը աւելցուցած է՝ այսօր հայ եկեղեցին, հայ ժողովուրդը, հայկական կառոյցները մարդու եւ ղեկավարի պակաս ունին։

Նշենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոսը պարբերաբար գրառումներով, կոչերով հանդէս կու գայ Հայաստանի ու Արցախի մէջ ստեղծուած իրադրութեան վերաբերեալ։

Ան պարբերաբար նշած է, որ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը միջազգային օրէնքի անբաժան մասը կը կազմէ։ Հետեւաբար Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը սակարկութեան առարկայ չի կրնար դառնալ։