Երբ անհատները ձեռք բերին մտաւոր խթանման ու հետեւանքներու վրայ ուշադրութիւն դարձնելու նման սովորութիւններ, անոնք բացայայտեցին իրենց ներաշխարհը. աշխարհ, որ երբեմն աւելի իրական կը թուէր անոնց, քան զիրենք շրջապատող աշխարհը:
Մարդիկ իրենց ինքնուրոյն ուղղութեան վրայ դրած հիմնական տարրն է հաղորդակցելու նոր ճանապարհներու գիւտը։ Մեր ուղեղը եւ զգայական-լսողական համակարգերը այժմ կրնան կատարել այս գործողութիւնները, որոնք կը գտնուին մարդու կեանքի կեդրոնին, շատ աւելի յառաջադէմ մակարդակով: Հետեւաբար, կարելի է ըսել, որ մարդոց ամենամեծ գիւտը այս է։
Ինչպէս միւս բոլոր կենդանի էակները, մարդիկ եւս զարգացած են բնական ընտրութեան աստիճանական գործընթացի միջոցով, որ կ՚ապահովէ տուեալ բնապահպանական համատեսքին մէջ գոյատեւելու եւ գոյապահպանման համար անհրաժեշտ սարքաւորումները: Այնուամենայնիւ, այն ինչ որ մեզ կը տարբերէ միւս կենդանի էակներէն՝ մեր տեսակի յաջողութիւնն է խուսափիլ իր ժառանգած կենսաբանական դերէն եւ տնօրինել իր ճակատագիրը: Ան սկսաւ նորութիւններ կատարել՝ աշխուժօրէն վերափոխելով իր ապրելակերպը, շրջակայ միջավայրը եւ նոյնիսկ մոլորակը։ Իսկ, մարդիկ ինչպէ՞ս հասան այս բանին:
Աւելի քան 1.5 միլիոն տարիէ ի վեր մարդիկ աստիճանաբար առանձնացան միւս էակներէն եւ զարգացուցին ապրելակերպ մը, որ կ՚որոշուէր համագործակցութեան աճով։ Մարդիկ միասին կը պատրաստէին քարէ պարզ գործիքներ, կ՚որսային, կ՚եփէին։
Թէեւ կան գեղարուեստական գործունէութեան կամ թեքնիք նորարարութիւններու նշաններ, սակայն մարդոց կենսակերպը երկար ժամանակ կայուն մնացած է: Միայն վերջին երեք հազար տարուան ընթացքին ամէն ինչ սկսաւ փոխուիլ մարդոց յառաջացման առումով, բայց արագ փոփոխութիւնները տեղի ունեցան վերջին 40-60 հազար տարուան ընթացքին:
Այսպէսով, ի՞նչ բանը կը խանգարէ մեր տեսակը հետեւիլ հին ժամանակներու մարդոց ապրելակերպին: Երեւի բազում գործօններ կան։ Բայց կայ զարգացում մը, որ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի. մարդու մտաւոր կարողութիւնը, ինչ որ պատմութեան ընթացքին էապէս մեծցուցած է մեր նախնիներու ստեղծագործական կարողութիւնները:
Խօսքը ենթադրական մտածողութեան մասին է, որ թոյլ կու տայ մարդը առանձնացնել եւ գիտակցաբար մտածել այլ հնարաւորութիւններու մասին եւ առանցքային տարր է ստեղծագործութեան, արուեստի, գիտութեան զարգացման մէջ՝ մշտական զարգացման միջոցով: Արքայիք մարդոց վարքագիծը, որոնք, ամենայն հաւանականութեամբ, չունէին այս ունակութիւնը, կ՚ապրէին պահու մէջ՝ պայմանաւորուած իրենց ապրելակերպի բնոյթով եւ իրենց ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէին միայն աշխարհի վրայ, կ՚որոշէին սովորութիւններով եւ շրջակայ միջավայրի խթաններով: Թէեւ անոնք պատահաբար գտած էին իրենց առօրեայ կեանքի մէջ կարգ մը գործերը կատարելու աւելի լաւ ուղիներ եւ այդպիսով աստիճանաբար նոր սովորութիւններ եւ հմտութիւններ զարգացուցին, սակայն անոնք չէին մտածեր նորարարութիւններու մասին:
Ըստ լեզուաբան Տանիէլ Տորի, երբ մենք զարգացուցինք լեզուն, մեր նախնիները սկիզբին պատահաբար խօսեցան իրենք իրենց հետ: Եւ երբ անոնք այս բանը կ՚ընէին, անոնք կը լսէին իրենց սեփական ձայնը եւ յաճախ կ՚արձագանգէին այնպէս, կարծէք ուրիշներ ալ կը լսէին: Անոնք կը պատասխանէին իրենք իրենց ուղղած հարցումներուն, աւելի ջանասիրաբար կ՚աշխատէին, երբ իրենք իրենց կը բարկանային, աւելի շատ կը կեդրոնանային եւ այս բոլոր հակազդեցութիւնները ինքնաբերաբար ստացուեցան անգիտակցական գործընթացներու արդիւնքին: Երբեմն բառ մը յառաջացուց ուրիշ մը, որ իր հերթին յառաջացուց այլ բառ մը եւ այսպէս կը շարունակուի: Մարդիկ ձեւաւորեցին իրենց յատուկ խօսելու սովորութիւնները եւ աստիճանաբար զարգացուցին իրենց մէջ լուռ խօսելու ունակութիւնը: Անոնք նաեւ որդեգրեցին մտաւոր ինքնախթանման այլ ձեւեր. ինչպէս՝ նկարելը: Խօսքի մանրամասն եւ նուրբ հոսքը եւ այլ դէպքերու նկատմամբ մտաւոր հակազդեցութիւնը սկսաւ վերածուիլ այն ձեւի, զոր մենք կ՚անուանենք գիտակից միտք:
Երբ անհատները ձեռք բերին մտաւոր խթանման ու հետեւանքներու վրայ ուշադրութիւն դարձնելու նման սովորութիւններ, անոնք բացայայտեցին իրենց ներաշխարհը. աշխարհ, որ երբեմն աւելի իրական կը թուէր անոնց, քան զիրենք շրջապատող աշխարհը:
Մարդիկ իրենց ինքնուրոյն ուղղութեան վրայ դրած հիմնական տարրն է հաղորդակցելու նոր ճանապարհներու գիւտը։ Մեր ուղեղը եւ զգայական-լսողական համակարգերը այժմ կրնան կատարել այս գործողութիւնները, որոնք կը գտնուին մարդու կեանքի կեդրոնին, շատ աւելի յառաջադէմ մակարդակով: Հետեւաբար, կարելի է ըսել, որ մարդոց ամենամեծ գիւտը այս է։
Պիանքա Սարըասլան
«Ժամանակ»/Պոլիս