Ժամանակը դարմանն է ամէն ինչի… Այս նախադասութիւնը հաւանաբար ըսուած ըլլայ յատկապէս հոգեկան մեծ ու ծանր ցաւի մը շեմին։ Այս պատճառով է, որ սա ամենալաւ մխիթարական արտայայտութիւններէն մին է՝ անտանելի, հնարաւորը անհնար դարձնող իրավիճակներու մէջ։ Այդ մէկը «վիշտի հանրակառք» մըն է, որ կը ստիպէ մեզ թշուառ զգալ, ինչ որ մենք կ՚անուանենք ցաւ, տխրութիւն, վիշտ եւ կը սպասենք, որ այդ մէկը լուռ անցնի, երբ բառեր չենք գտներ արտայայտելու ծանր ճնշման տակ մեր զգացումները։ Դարմանումի համար ժամանակի օգտագործումը կապուած չէ սովի կամ կշտանալու հետ։ Այդ մէկը պարզապէս պէտք է ըլլայ հաշուելի եւ ժամանակաւոր: Որովհետեւ օրացուցային ժամանակը մեզ կը ստիպէ դադրիլ հաշուելէ մեր զգացած յուզիչ յիշողութիւնները եւ ստեղծել այլ գիտակցութիւն՝ հակառակ, որ այդ կը ծերացնէ մեզ՝ կենդանի էակները եւ կը մօտեցնէ վերջաւորութեան՝ մահուան։
Ժամանակը որոշ, անցած, անցնող կամ անցնելիք պահն է: Երբեմն անոր կը հանդիպինք որպէս դարաշրջան, երբեմն փուլ, երբեմն ալ որպէս ստեղծագործութեան մը յառաջացման հաշուարկ։
Երբեմն կարելի է շփոթել, թէ ո՛ր ժամանակային հարթութեան մէջ ենք։ Անցեալը դնելով մեր ներկայի կեդրոնին՝ մենք կրնանք ըլլալ մեր անհանգստութիւններու գերին, կրնանք նոյնացնել մեր ապագան մեր անցեալի հետ եւ համեմատել զայն դեռ չապրուած ժամանակին հետ։ Մենք կրնանք նաեւ մեր հոգին կուրացնել՝ անտեսելով այն հանգամանքները, պահերը, որոնք պէտք է զգանք ներկայի ընթացքին։
Ժամանակը դարմանն է ամէն ինչի… Այս նախադասութիւնը հաւանաբար ըսուած ըլլայ յատկապէս հոգեկան մեծ ու ծանր ցաւի մը շեմին։ Այս պատճառով է, որ սա ամենալաւ մխիթարական արտայայտութիւններէն մին է՝ անտանելի, հնարաւորը անհնար դարձնող իրավիճակներու մէջ։ Այդ մէկը «վիշտի հանրակառք» մըն է, որ կը ստիպէ մեզ թշուառ զգալ, ինչ որ մենք կ՚անուանենք ցաւ, տխրութիւն, վիշտ եւ կը սպասենք, որ այդ մէկը լուռ անցնի, երբ բառեր չենք գտներ արտայայտելու ծանր ճնշման տակ մեր զգացումները։ Դարմանումի համար ժամանակի օգտագործումը կապուած չէ սովի կամ կշտանալու հետ։ Այդ մէկը պարզապէս պէտք է ըլլայ հաշուելի եւ ժամանակաւոր: Որովհետեւ օրացուցային ժամանակը մեզ կը ստիպէ դադրիլ հաշուելէ մեր զգացած յուզիչ յիշողութիւնները եւ ստեղծել այլ գիտակցութիւն՝ հակառակ, որ այդ կը ծերացնէ մեզ՝ կենդանի էակները եւ կը մօտեցնէ վերջաւորութեան՝ մահուան։
Ժամանակի երկրորդ մոտելը՝ մտքինը կապուած է ժամանակի ընտրովի հատուածի հետ, ուր մտատեսութիւնը կ՚ընդգծուի, կը զգացուին ընկալելի պատկերացումները: Այսօրուան ժողովրդական ասացուածքով՝ «ըլլալ տուեալ պահուն» խոր ընկալման ձեւ մըն է, որ տեղի կ՚ունենայ ժամանակային այս հարթութեան մէջ եւ այդ պահու ժամանակին զուգահեռ: Այս իրավիճակը կրնանք համեմատել գետնին ամուր կապուած եւ ամուր արմատներ ունեցող ծառի մը հետ, որ կը շարժի եւ իր ճիւղերը կ՚երկարին դէպի փչող քամին, բայց ան ամուր կը կանգնի եւ կը վայելէ հովու շոյանքը: Ծառը՝ ակամայ տեղի ունեցող եւ «քամիի» հետ կապ չունեցող պատճառներուն դիմակայելու փոխարէն, միտքը կրնայ օգտագործել ընտրութեան հնարաւորութիւնը ճիշդ պահուն, աւելի լայն ընկալմամբ՝ մտատեսութեամբ եւ կրնայ յառաջ բերել տարբեր արդիւնքներ:
Զգացական ժամանակի չափումը, որ ժամանակի ամենակայուն եւ շահարկուած վիճակն է, ընկալման առումով կը կազմէ ժամանակ հասկացութեան երրորդ մասը։ Զգացական ժամանակի փուլը ինքնավստահ, եսակեդրոն, բայց վախկոտ յարաբերական ժամանակի կորսուած մասն է, ուր կը ստեղծուին յօրինուածքներ եւ վերացական իմաստներ եւ այդտեղ ժամանակը եզակի ենթաթեքստեր եւ եզրակացութիւններ կը ստանայ եւ կառուցուած արդարացումներու ետին կը թաքնուին յոյզերը՝ նոյնիսկ եթէ ցաւ պատճառեն անոնք: Արդիւնքին մենք կրնանք համեմատել ժամանակ հասկացութիւնը հոսող գետի, նկատուած ու ընտրուած մտքի, մտային ու խաղարկուող բեմագրութեան հետ:
Ի հարկէ, որ ժամանակային հատուածի մէջ գտնուած ըլլալը հասկնալը կարեւոր է պատմութեան արձանագրութեան համար։ Այնուամենայնիւ, սա հասկնալ մեր որոշումն է, նաեւ մեր ընտրութիւնը, թէ ինչպէ՛ս կը կարդանք ու կը մեկնաբանեք կեանքին մեզի մատուցած նշումներն ու ապացոյցները։
Պիանքա Սարըասլան
«Ժամանակ»/Պոլիս