Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին առաջադրանքներու կատարումը։ Ըսուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկագրին մէջ։
Երեսուն դիտակէտերու վրայ ռուս խաղաղապահները կ'իրականացնեն իրադրութեան շուրջօրեայ հսկողութիւն եւ հրադադարի ռեժիմի պահպանման վերահսկողութիւն: Անցած մէկ օրուան ընթացքին հրադադարի ռեժիմի խախտումներ չեն արձանագրուած:
Երեք երթուղիներով պարեկութիւն իրականացուած է Մարտակերտի, Մարտունիի եւ Շուշէնի շրջաններուն մէջ։
Խաղաղապահները ապահոված են մարդասիրական բեռով մեքենաներու շարասիւնի անցնումը Գորիս–Ստեփանակերտ երթուղիով։