Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ տեսաժողովի ընթացքին տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ժամանակ յայտարարած է անհետ կորսուածներու որոնման հարցով յառաջընթացի մասին:
«Նախագահ Մաքրոնն ու նախագահ Միշէլը հաստատած են իրենց լիարժէք հակուածութիւնը տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւնը նուազեցնելու ու վստահութիւնը ամրապնդելուն ուղղուած ջանքերուն աջակցելու ուղղութեամբ: Անոնք գնահատած են յառաջընթացը, որ ձեռք բերուած է Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովի շրջանակին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներէն յետոյ, մասնաւորապէս, վերջերս գերիներու ազատագրման, շարունակուող համատեղ անհետ կորսուածները որոնելու գործին մէջ, ինչպէս նաեւ յառաջիկային երկաթուղիի վերականգնումը: Պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները համաձայնած են, որ այդ հանդիպումը արժէքաւոր հնարաւորութիւն ներկայացուցած է հարցերու լայն շրջանակ քննարկելու համար: ԵՄ-ն ու Ֆրանսան դեռեւս հակուած են աշխատել ուրիշ գործընկերների, այդ թւում` ԵԱՀԿ-ի հետ, բարգաւաճող, անվտանգ եւ կայուն Հարաւային Կովկաս կառուցելու համար», կ'ըսուի Էլիզէի պալատի յայտարարութեան մէջ: