Յառաջիկայ օրերուն Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի այց Հայաստան չի նախատեսուիր։ Այս մասին ըսած են Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութենէն:
Նշենք, որ 6 սեպտեմբերին տեղեկութիւններ տարածուած էին, որ Ֆրանսայի նախագահը կը պատրաստուի այցելելու Հայաստան կամ տարածաշրջան։
Alpha News-ը գրած էր, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը ամենայն հաւանականութեամբ յառաջիկայ հանգստեան օրերուն պիտի այցելէ Հայաստան՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման վերաբերեալ նոր ըսելիքով:
«Այցը նախատեսուած է սեպտեմբեր 9-էն 10-ը ինկած ժամանակահատուածին: Կայ տեղեկութիւն, որ Մաքրոնը Երեւանէն ետք պիտի այցելէ Պաքու»,- յայտնած էր լրատուամիջոցը: