image

«Մանղալ»ը, որկրամոլութիւնը եւ Լիբանանի հարուստ վարչապետները

 «Մանղալ»ը,  որկրամոլութիւնը եւ Լիբանանի հարուստ վարչապետները

Այս կիրակի մանղալ չկայ... Թէեւ օդը պայծառ է ու մանղալի համար շատ նպաստաւոր է , սակայն փորս այնքան մեծցած է որ խորովածը հիմա ինծի համար խիստ վտանգաւոր ուտելիք է ։ 

Գիտէք որ ես ուտելը շատ կը սիրեմ բայց դժբախտաբար սեղան նստիլը գիտեմ ելլելը բնաւ չեմ գիտեր... Մինչեւ վերջին պատառը կ'ուտեմ... Կնիկս կ'ըսէ` եթէ սեղանը դիմացէդ չհանենք սեղանն ալ կ'ուտես... Առաջ այսպէս չէր, կը յիշեմ մայրս զիս զորով սեղան կը նստեցնէր իսկ հիմա կնիկս զիս զորով սեղանէն կը հանէ ...։

 Գիտեմ ըրածս որկրամոլութիւն է բայց հաւատացէք իմ ձեռքս չէ, այս ալ հիւանդութիւն տեսակ է , բարեբախտաբար ազգային չէ ու վնասը զուտ անձնական է ։

Թէեւ այս հիւանդութեան ազգային տեսակն ալ կայ որ չափազանց վտանգաւոր է բայց բնաւ սեղանի հետ առնչուած չէ... Ազգային որկրամոլութիւնը ի տարբերութիւն անձնական որկրամոլութեան ամբողջովին աթոռի հետ կապուած է։ Հիւանդութեան հիմնական ախտանիշը սակայն նոյնն է ` ազգային որկրամոլն ալ աթոռին նստիլը գիտէ բայց ելլելը բնաւ չի գիտեր ...։ 

Պէտք է ընդունինք որ ազգային որկրամոլութիւնը աշխարհի մէջ այս օրերուն բաւական թեթեւցած է իսկ կարգ մը երկիրներու մէջ գրեթէ վերջացած է կամ խիստ չափաւոր դարձած է ։ Լիբանանի մէջ  անշուշտ ոչ վերջացած ,ոչ թեթեւցած ոչ ալ չափաւոր երկիրներու շարքին է եւ զարմանալին այն է որ այս երկիրը աշխարհի ամենաաղքատ երկիրներէն մէկը ըլլալով  հանդերձ միշտ ալ ամենահարուստ վարչապետները ունեցած է ։ Ասոր բացատրութիւնն ալ յստակ է ` երբ չորս հոգինոց սեղանին վրայ երկու անձի ճաշ դրուած ըլլայ ու չորսէն մէկը ինծի պէս որկրամոլ ըլլայ բնականաբար երեք հոգին սոված կը մնան...։ 

Բայց չէ , իմ պարագաս այդպէս չէ ... Իմ սեղանս եթէ չորս հոգի նստած ըլլայ, հաւատացէք վրան նուազագոյնը տասը անձի ճաշ կ'ըլլայ ... Ու չար բախտէս ալ միշտ մէկը կուշտ , մէկը ռեժիմ , միւսն ալ չափաւոր ուտող մը կ'ըլլայ ... Ափսոս չէ՞ այդքան ուտելիքը մնայ ու փճանայ... 

Ես ալ կ'ուզէի չափաւոր ուտող ըլլալ բայց իրաւ դժուար է... 

Չէ՞ որ ես ալ լիբանանցի եմ ...

Մի մոռնաք որ ես նաեւ հայ եմ... Բոլորին չափաւորականութեան դասեր կու տամ , բայց երբ մէյ մը ուտելու սկսիմ, չուտողին ախորժակն ալ կը բանամ...

Այնպէս որ այս կիրակի քանի օդը պայծառ է , ի՞նչ բոյթ թէ փորս քիչ մը մեծցած է ... Մանղալս անհամբեր ձեզ կը սպասէ։

 

 Խաժակ Այնթապլեան 

Խաժակ Այնթապեան

Խաժակ Այնթապեան

Բժիշկ Ատամնաբոյժ Խաժակ Այնթապեան ծնած է 1 Յու...