ՄԱԿ-ի Ընդհանուր վեհաժողովն ընդունած է բանաձեւ, որ Իսրայէլին կոչ կ՚ընէ ազատելու գրաւեալ Կոլանի բարձունքները։ Այս մասին յայտնած է ԹԱՍՍ-ը։
Փաստաթուղթին կողմ քուէարկած է 91 երկիր, այդ շարքին՝ Հայաստանը, Ռուսիան, Պրազիլը, Հնդկաստանը, Չինաստանը եւ Սէուտական Արաբիան։ Ատոր դէմ արտայայտուած է ութ երկիր, այդ շարքին՝ Միացեալ Նահանգներն ու Մեծ Բրիտանիան, եւս 62 երկիր ձեռնպահ մնացած է։
Բանաձեւի համահովանաւորներն են Ալժիրը, Վենեզուելան, Եգիպտոսը, Յորդանանը, Իրաքը, Քաթարը, Հիւսիսային Քորէան, Քուպան, Քուէյթը, Լիբանանը, Մորիթանիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Սուրիան եւ Թունիսը։
Փաստաթուղթը բաղկացած է ութ կէտէ, որմէ առաջինը յայտարարութիւն է այն մասին, որ Իսրայէլը դեռ չէ կատարած ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 1981 թուականի 497 բանաձեւը, որ երկրէն կը պահանջէ չեղեալ համարել Կոլանի բարձունքներու նկատմամբ Իսրայէլի իրաւասութիւն սահմանող օրէնքը։
Բացի այդ, բանաձեւը կը պահանջէ, որ «Իսրայէլը, Անվտանգութեան խորհուրդի համապատասխան բանաձեւերու համաձայն, ամբողջապէս դուրս գայ բռնագրաւուած սուրիական Կոլանէն մինչեւ այն սահմանագիծը, որ գոյութիւն ունէր 1967 թուականի յունիս 4-ի դրութեամբ»։
Բանաձեւին մէջ նաեւ ըսուած է, որ «սուրիական Կոլանի շարունակական բռնագրաւումը եւ անոր փաստացի բռնակցումը կը խոչընդոտեն տարածաշրջանին մէջ արդար, համապարփակ եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու ճանապարհին»:
Բացի այդ, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր վեհաժողովը «Իսրայէլին կոչ կ՚ընէ վերսկսելու բանակցութիւնները սուրիական եւ լիբանանեան կողմերու հետ եւ յարգելու նախորդ բանակցութիւններու ընթացքին ձեռք բերուած պարտաւորութիւններն ու երաշխիքները»:
Կոլանի բարձունքները, որոնք կը պատկանին Սուրիոյ, գրաւուած են Իսրայէլի կողմէ 1967 թուականի վեցօրեայ պատերազմի ժամանակ։ 1981 թուականին Քնեսեթը (Իսրայէլի խորհրդարանը) ընդունած է օրէնք, որ միակողմանիօրէն հռչակած է հրէական պետութեան ինքնիշխանութիւնը այս տարածքի վրայ։ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 1981 թուականի դեկտեմբեր 17-ի 497 բանաձեւը անվաւեր ճանչցած է բռնակցումը։