image
Հրատապ լուրեր:

Մահացած է Շարլ Ազնաւուրի քոյրը՝ Այտա Ազնաւուրը

  Մահացած է Շարլ Ազնաւուրի քոյրը՝ Այտա Ազնաւուրը

102 տարեկան հասակին  մահացած է Շարլ Ազնաւուրի քոյրը՝ Այտա Ազնաւուր-Կառավարենցը։

«Ան խաղաղութեամբ լքեց այս աշխարհը՝ թողելով իր ետին գեղեցկութեամբ  ապրած կեանք մը՝ լի սիրով, ուժով եւ ընտանիքին հանդէպ նուիրումով»,– նշած է «Ազնաւուր» հիմնադրամը։

Այտա Ազնաւուր-Կառավարենցը պիտի յուղարկաւորուի ընտանեկան գերեզմանատանը՝ Մոնֆոր-լ’Ամորիի մէջ, իր ընտանիքի անդամներուն եւ ամուսնոյն  կողքին։